2015-03-18 15:04:00

Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ Մոնրէալի մէջ, ի յիշատակ Մարաշի նահատակներուն։


(Ռատիօ Վատիկան)    Գանատա։ Կիրակի 22 մարտ 2015-ի՝ կէսօրուայ ժամը 12,15-ին, Մոնրէալի՝ ''Տիրամայր Նարեկի'' նուիրուած՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, հայածէս ձայնաւոր Ս. պատարագ եւ ապա հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Մարաշի նահատակներու 95-ամեայ անմառ յիշատակին։
Ս. Զոհը պիտի մատուցէ Մոնրէալի կաթողիկէ հայոց հոգեւոր հովիւ գերյ. Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Զապարեան։
Ս. Պատարագին պիտի յաջորդէ հոգեճաշ մը , պատրաստուած՝ եկեղեցւոյ վարչութեան կողմէ։ 
Հոգեճաշէն ետք, խօսք պիտի առնէ, վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան՝ հոգեւոր հովիւը Մոնրէալի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ 
Աւարտին՝ տեղի պիտի ունենայ նաեւ նոր վարչութեան ընտրութիւնը։
Նշենք թէ՝ Հոգեճաշի ամբողջ նուիրատուութիւնները պիտի յատկացուին Սուրիահայ դպրոցականներու կարիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.