2015-03-18 14:30:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Մորթդ Ինծի Ծանօթ Է…

Մորթային հիւանդութիւններու մասնագէտներ, յատկապէս երիտասարդական շրջանակներէն բաւական յաճախորդներ կ՛ունենան: Արբունքի տարիք հասնող պատանիներուն մեծ տոկոսը մորթային բշտիկներու, յատկապէս դէմքին վրայ անակնկալօրէն ու երբեմն անդիմադրելիօրէն աճող կարմրուկներու լուծում կը փորձէ տալ նախ սեփական միջոցներով, եւ ապա՝ երբ անկարելի ըլլայ յաղթել անոնց արագութեան, կը դիմեն մասնագէտներուն:
Մեր հայրերը մորթը նաեւ բացատրած են փոխաբերական իմաստով, մեր հաւատքին, մեր մարդկային նկարագիրին ու ազգային այլ բնորոշ յատկանիշներուն իբրեւ նմանողութիւն ներկայացնելով զանիկա: Այնպէս, ինչպէս մեր մորթին գոյնը չի՛ փոխուիր, նոյնպէս ալ մեր նկարագիրը …
Մորթը նաեւ բարոյական արժէքներու օրինակ կրնայ ծառայել, որուն մասին պիտի խօսինք այսօր։

Կիրառական արուեստներու, կանանց թէ տղամարդոց ամէնէն սուղ արժէքով վաճառուող կօշիկներու ու պայուսակներու պատրաստութեան, եւ նոյնիսկ բաճկոն ու շրջազգեստի արուեստագիտական վզնոցներ կարողներու կարեւոր նիւթերէն մէկն է կենդանական մորթը, յատկապէս բնութեան կեանքէն չքացող անասուններու, կամ վտանգաւոր սողուններու եւ վայրի գազաններու մարմինը պատող մուշտակները, որոնց գինը երբեմն երեւակայութեան սահմանները կը թեւակոխէ:
Նախամարդուն կողմէ օգտագործուած իրերուն մէջ եւս կը հանդիպինք շարք մը առարկաներու, որոնց հիմնական մասը կը կազմէ կաշին՝ կենդանական մորթը: Աստուածաշունչի առաջին էջերուն մէջ եւս, ուր նորաստեղծ մարդուն դրախտէն դուրս վտարուիլը կը նկարագրուի, դարձեալ կ՛ըսուի, թէ Աստուած Ադամին ու Եւային թզենիի տերեւներով պատրաստած անպատշաճ ծածկոյթներուն փոխարէն, կաշիէ զգեստներ կարեց անոնց համար… Հաւանաբար ներկայ դարու մարդը, որուն այնքան հաճելի կը թուան հնութենէն փրցուած ու նորացուած մանրամասնութիւնները արդի ձեւագիտութեան, ուզեր նման զգեստներով շրջագայիլ: Շատ հաւանաբար անոնք ամբողջովին մերկ Ադամն ու Եւան կիսով չափ ծածկեցին, արդի շատ մը ձեւագէտներու պատրաստած կիսամերկ զգեստներուն նմանողութեամբ:
Կենդանական մորթերու տեսակներուն մասին ծանօթութիւն ունեցող մարդոց ընդհանուր կարծիքն անգամ մեզի պիտի տանի այնքան խորերը այս մասնագիտութեան, ուր կարելի պիտի ըլլայ գիտնալ մինչեւ իսկ նոյն ցեղի պատկանող կենդանիներու մորթային արժէքներուն տարբերութիւնը, անոնց տարիքային ու գոյնային տարբերութենէն բացի: Այնպէս ինչպէս ծովուն մէջ գտնուող ձուկերու տեսակներուն ամբողջական ցուցակը ցարդ կարելի չէ՛ եղած պատրաստել, ու մինչեւ օրս նոր տեսակներ կ՛արձանագրուին այդ ցանկին վրայ, նոյնը կարելի է ըսել նաեւ ցամաքային կենդանիներու պարագային, որոնց ցեղային նոյնութեան մէջ իսկ փոքր մանրամասնութիւններով կարելի կ՛ըլլայ յայտնաբերել տարբերութիւններ, որոնք նաեւ կը ճշդեն իւրաքանչիւրին նիւթական արժէքը:
Մարդիկ խոստովանութիւններ կը կատարեն իրենց ինքնութիւնը փաստելու համար: Նման մօտեցումներ կրնան երբեմն իսկապէս անկեղծ ըլլալ, իսկ շատ յաճախ կեղծ ու շահադիտական են ատոնք: Ոեւէ մարդու նկարագիրը իր աչքերէն ու արտաքին երեւոյթէն պէտք է կռահելի դառնայ: Մարդ ինչքան ալ ծպտուի, մինչեւ իսկ անճանաչելի դառնալու աստիճան, դարձեալ իր աչքերու ոսպնեակին ընդմէջէն կարելի կ՛ըլլայ կարդալ իր միտքն ու հոգին…
Պատահեցաւ, որ ժողովրդային խանդավառ տօնակատարութեան մը օրերուն միշտ խնդիր ստեղծելով, իր ներկայութիւնը փաստելու սովորութիւն ունեցողը դարձեալ մէջտեղ ելաւ: Անիկա սովորութիւն ունէր ուրիշին անունով միշտ իր փափաքը իրագործելու: Ուստի «իր բերանին» կողքին կանգնած, իր սորվեցուցած նախադասութիւններու արտասանութեան կը հետեւէր օձի ուշադրութեամբ եւ խայթելու պատրաստ զգուշաւորութեամբ եւ միայն հարկ եղած պարագային հազուադէպ միջամտութիւններ կատարելու յանձնառութեամբ: Բաւական «յոգնելէ» ետք, երբ իրենց նպատակին չհասան, լուռ կեցողը իբրեւ թէ «լուծում» գտած ըլլալու յանկարծական խօսքով, իր բարեացակամութիւնը յայտնեց, իբրեւ թէ իր կողմէ մեծ զոհողութիւն մը առաջարկելով: Սակայն ան, որուն կը ներկայացուէր պայմանական բողոքն ու բռնազբօս առաջարկը, յանկարծ անոր կողմը դառնալով ըսաւ.
_ Մորթդ ինծի ծանօթ է կաշուեգործարանէն:
Կեանքի մէջ խաղախորդ ըլլալը, մարդկային բարոյական կեանքը կարգաւորելու առումով կարեւոր մասնագիտութիւն է: Կաշուեգործարանին մէջ աշխատող կաշեգործները՝ խաղախորդները, ամէն օր կաշիի հետ գործ ունենալով, կը բաւէ որ կտոր մը միայն իրենց բթամատին ու ցուցամատին միջեւ շօշափեն, կամ՝ իրենց ափով շփեն որեւէ մորթի մը զոյգ երեսները: Անոնք շուտով կու տան անոր մօտաւոր տարիքը, ի՞նչ իրի համար գործածուելու յարմարութիւնը, կոշտութեան ու փափկութեան իսկական արժեչափը ու մանաւանդ անոր օրուան գինը:
Ուրեմն, ինքնութիւնդ ներկայացնելու կամ կեղծիքի գոյնզգոյն շպարներով անհատականութիւնդ ներկելով իսկութիւնդ ծածկելու բոլոր հնարքներդ ի դերեւ պիտի ելլեն, երբ հանդիպիս մասնագէտ խաղախորդին: Այս ասպարէզին մէջ ալ կան ուսմամբ թերաւարտներ, որոնք երբեմն անարժէք կաշիին կու տան բարձր արժէք, կամ արժէքաւորը յանկարծ ձեռքէ կու տան, առանց իմանալու անոր ներկայացուցած իսկական արժէքը:
«Կաշուեգործարան»էն դուրս եկած ու կեանքի մէջ «շրջագայող» մարդ-կաշի-մորթերուն շուտով արժէք տալը, վտանգաւոր մօտեցում է բարոյագիտական իմաստով: Պէտք է նախ խաղախորդի համբերատարութեամբ «հոտոտալ», «շօշափել», «շոյել» ու «արեւուն տակ փռել», սպասելով մորթին տալիք «պատասխան»ին: Եթէ «գունաթափուեցաւ», «բոյրազրկուեցաւ», «չորցաւ», եւ մանաւանդ եթէ կեղծ ներկով գունաւորուած էր ու «գոյնը տուաւ», կը նշանակէ թէ արժէքը շատ ցած «մորթ» է ատիկա:
Ճիշդ այդ տեսակ «մորթ»երուն համար խաղախորդը կ՛ըսէ.
_ Մորթդ ինծի ծանօթ է կաշուեգործարանէն… Այսինքն, խաղախորդին ալ չես կրնար խաբել, այնպէս ինչպէս թոշնած կանաչեղէնը կարելի չէ՛ կանաչեղէն ծախողին մատուցել իբրեւ պարտէզէն նոր քաղուած բոյս: Անիկա գիտէ՛ նոր քաղուածին բոյրը, ու տեսքէ՛ն կը ճանչնայ արդէն երեք օր առաջ քաղուածը:








All the contents on this site are copyrighted ©.