2015-03-18 15:07:00

Գրիգոր Նարեկացիի Երկերը


Գրիգոր Նարեկացին ծանօթ է հայուն հիմնականին ՙՄատեան Ողբերգութեան՚ կամ պարզապէս ՙՆարեկ՚ կոչուած աղօթագրքով։ Հայագէտներ, յատկապէս սովետական շրջանին Գրիգոր Նարեկացիի մէջ տեսած են իմաստասէրը, բանաստեղծը, գիտնականը։ Մեզ այստեղ հետաքրքրողը Գրիգոր Նարեկացիի հոգեւոր ժառանգութեան արժէքն է։ Հայ մատենագրութիւնը ունի կրօնական կամ աստուածաբանական սքանչելի երկեր։ Գրիգոր Նարեկացիի ՙՄատեան Ողբերգութեան՚ հեղինակութիւնը իր ոճով եւ բովանդակութեամբ կը գրաւէ յատուկ տեղ։ Հայ հաւատացեալին ոչ այնքան ծանօթ՝ Գրիգոր Նարեկացի ունի նաեւ այլ ստեղծագործութիւններ։ Հրատարակուած երկերէն յիշենք՝

Պատմութիւն Ապարանից, Ներբող ի Սուրբ Խաչն. Ներբող ի Սուրբ Կոյսն. Նորին վերստին ի վերայ գրոյ անուան իւրոյ (Ներբող ի Սուրբ Կոյսն). Յիշատակագիր նամակ առ Ստեփանոս Մոկ. Ներբող ի Սուրբ Առաքեալսն. Ներբող ի Սուրբն Յակոբ Մծբնայ. Գանձ ի Գալուստ Սուրբ Հոգւոյն. Գանձ ի Սուրբ Եկեղեցի. Գանձ ի Սուրբ Խաչն Աստուածընկալ. Տաղք Ծննդեան. Տաղք Յարութեան. Տաղ Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ. Տաղ Վարդավառին. Տաղ Եկեղեցւոյ. Տաղ Սրբոց Քառասնիցն. Մեկնութիւն Երգոց Երգոյն. Յիշատակարան.

Փրոֆ Խաչերեան խօսելով Գրիգոր Նարեկացիի մասին կը գրէ՝ “Լինելով միաժամանակ խորահմուտ հայերէնագէտ՝ Գրիգոր Նարեկացին մեծ երախտիք է թողել հայագիր դպրութեանը նաեւ լեզուաշինարարութեան բնագաւառում իր հեղինակային նորակերտումների հարուստ բառապաշարով, որով նշանաւորւում է հայոց լեզուի զարգացման նորորակ փուլը իր ապշեցուցիչ ճոխութեամբ ու յաբրեցմամբ միանգամայն։”

Բազմաթիւ հայերու ծանօթ է “Նարեկ” աղօթագրքի լեզուն։ Այստեղ բերենք քանի մը օրինակներ նաեւ այլ երկերէ, ուր փրոֆ Խաչերեանի նկարագրած այդ ճող եւ լեզուաշինարարակն ոճը իր արտայայտութիւնը կը գտնէ։

Գրիգոր Նարեկացի ունի հաւատոյ դաւանութիւն մը՝ “Բան Վասն Ուղիղ Հաւատոյ եւ Խրատ Մաքուր Վարուց Առաքինութեան” խորագրով։ Այնտեղ կը կարդանք՝ “Եւ արդ՝ այս է ճշմարիտ հաւատոյ դաւանութիւն։ Հաւատալ զԱստուած Հայր՝ էութիւն ճշմարիտ, գոյ կատարեալ, անեղ, անսկիզբն, անժամանակ, անպատճառ, անիմանալի, անտեսանելի, անճառելի, անհաս, պարզ, անզննին, անկէտ, անսահման, աներբ, անուր, անբովանդակելի, անայլայլելի, անփոփոխ, գերաբուն, գերագոյ, գերալոյս, գերանճառ։”

Աստուածածնի ներբողին մէջ Նարեկացի կը խօսի Քրիստոսի մասին. հոն կը կարդանք՝

“Բայց մարմնացաւ, որքան մարդացաւ. Նոյն եւ յայտնեցաւ, ըստ որում ծանուցաւ. Աւետարանեցաւ, ուստի փառատրեցաւ. Իսկ մաքրեցաւ, որպէս երգեցաւ. Իսկ մկրտեցաւ, որ եւ վկայեցաւ. Նոյն իսկ պատմեցաւ, որպէս ճառեցաւ. Իսկ տնանկացաւ, որով ճոխացաւ. Իսկ հնազանդեցաւ, որով պաշտեցաւ. Իսկ երկրպագեցաւ, որով խոցեցաւ. Իսկ կենդանացաւ, որով թաղեցաւ. Իսկ պատուեցաւ, որով պատժեցաւ. Իսկ ամաչեցոյց, որով պատկառեաց. Իսկ բերկրեցյոց, որով տրտմեցաւ. Իսկ զգեցոյց, որով մերկացաւ. Իսկ ողջացոյց, որով բեւեռեցաւ. Իսկ կանգնեցաւ, որով վտանգեցաւ. Եւ սլացեալ որպէս վերնային, թռեաւ որպէս հոգեղէն, ծածկեցաւ որպէս զանքնին, փախեաւ որպէս զանհաս, ի յամպս երկնից եդ զգանցս, գովեցաւ որպէս միածին։”








All the contents on this site are copyrighted ©.