2015-03-17 11:43:00

Կարդինալ ֆիլոնի Ափրիկէի համար կը խնդրէ զօրակցութիւն եւ ոչ զէնք:


(Ռատիօ Վատիկան) Ժողովուրդներու աւետարանութեան կառավարիչ` կարդինալ ֆիլոնի հանդիսաւոր պատարագով եզրափակեց ''Ափրիկէ դէպի յառաջ ընթացող ցամաքամաս'' ժողովը ըսելով. այս ցամաքամասը կարիքը ունի` քաջ եւ հեռատես քաղաքական մարդոց` կարող ներշնչուելու Աւետարանէն, ըստ Քրիստոսի սրտին, եպիսկոպոսներու ու քահանաներու, վեհանձն ու պատասխանատու աշխարհականներու որ կարող ըլլան  իրենց ցամաքամասը տեսնել որպէս բարիքով ու յոյսով լեցուն, ուր կարելի է սերմանել ու կառուցանել։ Այդ կարելի դարձնելու համար հարկաւոր է աշխատիլ հաշտութեան, խաղաղութեան ու արդարութեան համար։  Ափրիկէն պէտք է քաջութիւնը ունենայ ոտքի կանգնելու ու յառաջ ընթանալու։ Ափրիկէն կարող է վերածնիլ ու բարգաւաճիլ միմիայն ափրիկեցիներով։ Ուստի ըսաւ կարդինալը Ափրիկէն պէտք ունի քաջալերանքի ու զօրակցութեան։ Պէտք չունի գաղթականներու, զէնք վաճառողներու ու երկրին հարստութիւնները  թալանողներու։ Քրիստոս կը մնայ աղբիւրը  հոգեւոր ու բարոյական վերածնունդին։ Ափրիկէն ‘’հարց’’ մը չէ, ինչպէս յաճախ կը խորհի Արեւմուտքը, այլ ցամաքամաս մը` կարող աճելու եւ բարգաւաճելու ու մասնակցելու միջազգային կեանքին ու բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.