2015-03-17 13:57:00

Կարդինալ Ճիվիչի գոհունակութիւնը ի լուր ողորմութեան ս. տարւոյն հռչակումին։


(Ռատիօ Վատիկան)    Քրաքովիայի առաջնորդը կարդինալ Ճիվիչ շնորհակալութեան գիր մը ուղղած է ֆրանչիսկոս Պապին որուն մէջ կը յայտնէ  որ Քրաքովիան Աստուածային ողորմութեան բարեպաշտութեան աշխարհի կեդրոնն է։ Մեծ հրճուանքով ընդունեցանք լուրը ''Ողորմութեան տարւոյն'' հռչակումին, ձեր քահանայապետութեան ընտրութեան Բ. տարեդարձին առթիւ (13 Մարտ 2015)։ Եկեղեցին մեծ ուրախութեամբ պիտի ապրի այս արտակարգ Յոբելեանը, Աւետարանի հետեւեալ խօսքերու լոյսով. '' Հօր Աստուծոյ նման եղէք ողորմած''։

Ուրախ ենք որ ճիշտ այս սուրբ տարւոյն ընթացքին, Քրաքովիայի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, մեզի պիտի ընկերանան Տիրոջ այս խօսքը. ''երանի ողորմածներուն, որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն''։

Սրբազան Հայր, կը գրէ կարդինալ Ճիվիչ, ընդունեցէք մեր խորհին երախտագիտութիւնը հովուական այս նախաձեռնութեան համար, որ իրապէս նախախնամական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.