2015-03-16 13:44:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի Եպիսկոպոսներուն


Երկուշաբթի, 16 մարտին, առաւօտեան ժամը 10.00 ին,  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց ''Սան Մարինօ''յի  հանրապետութեան կառավարիչներ Տիար Ֆրանքօ Թէրէնցի եւ Տիար Կուէրինօ Զանոթթի, անոնց  կողակիցներն ու անոնց ընկերացող  պատուիրակութիւնը։

Ժամը 10.30ին, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Աստուածային Պաշտամունքի եւ Սուրբ Խորհուրդներու կարգաւորման ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Ռոպէրթ Սարան ու ապա ընդունեց ''Թէզէ'' երիտասարդական համամիութենական հասարակութեան  Աբբահայր` եղբայր Ալոիս, որմէ անմիջապէս  ետք ընդունեց` Լատին Ամերիկիոյ՝ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հայող`  ''ցանցի'' պատուիրակութիւն մը։ Ժամը 11.40 ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Պոսնիայի եւ  Հերցեկովինայի եպիսկոպոսական դասի անդամները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսրի յաջորդին։

 Այս առթիւ անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց յառաջիկայ յունիսի 6ին իր Պոսնիա եւ Հերցեկովինա կատարելիք ճամբորդութեան ծրագիրը ապա հինգ կէտերու մէջ եպիսկոպոսներուն ուղղեց իր պատգամը։

Սրբազան Պապը արտագաղթի հարցը նկատեց ներկայի ընկերային իրականութիւններէն մէկը, որ եպիսկոպոսներուն սրտին շատ մօիկ է, որովհետեւ արտագաղթի պատճառով հաւատացեալները հեռու կը մնան իրենց հայրենիքէն, փնտռելով այլուր աւելի բարեկեցիկ կեանք եւ գործի ապահովութիւն։

Երկրորդ հիմնահարցը, որուն անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի բազմամշակոյթ եւ բազմացեղ հասարակութեան իրականութիւնն է, որ պատճառ կը հանդիսանայ տագնապներու։ Յորդորեց եպիսկոպոսները, որ այդ տագնապներուն մէջ բոլորին հանդէպ ցուցաբերեն հայրական կեցուածք։

Եպիսկոպոսներու ծառայութեան հովուական, միութենական եւ միջկրօնական տարածքները կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամի երրորդ կէտին բովանդակութիւնը։

Ապա չորրորդ կէտին մէջ Սրբազան Պապը ներկայ եպիսկոպոսներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց եպիսկոպոսներու, հոգեւորականներու եւ կրօնաւորներու յարաբերութեան վրայ, որոնց առաքելութիւնը կը կատարուի Քրիստոսի արքայութեան եւ Աստուծոյ փառքի ծառայութեան մէջ։

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ կոչ ուղղեց եպիսկոպոսներուն՝ պահելու իրենց միասնութեան հոգին եւ իրենց սերտ յարաբերութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին՝ Պապին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.