2015-03-16 13:45:00

Մեքսիքայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ Մեծ Եղեռնի ի յիշատակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 15  մարտ 2015ին, Կարդինալական դասի անդամ Մեքսիքայի առաջնորդ` Կարդինալ Նորպերթօ Ռիվերա Քարրերայ, հանդիսացաւ Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երկրորդ կարդինալը որ ընդառաջելով  Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ` Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի հրաւէրին, սուրբ պատարագի անմահ զոհը մատուցեց ի յիշատակ հայ ազգի ցեղասպանութեան զոհ բիւրաւոր նահատակներուն, Մեքսիքօ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կանխելով յառաջիկայ 12 ապրիլ 2015-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ նախատեսուած Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի հայոց նահատակներու ի յիշատակ սուրբ արարողութեան յատկանշական ժեստը։

Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցաւ ու համապատարագեց` Գերապայծառ Պօղոսեանը։ Ներկայ էին նաեւ բազմահազար հաւատացեալներ, եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ դիւանագիտական ու քաղաքական գործիչներ։ 

Սուրբ Պատարագի զոհի աւարտին գերապայծառ Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնելով վսեմաշուք կարդինալին Անոր, պատարագի  ներկայ գտնուող  իշխանութիւններուն եւ հաւատացեալներուն փոխանցեց` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց` Ներսէս Պետրոս ԺԹ  կաթողիկոս պատրիարքի ողջոյնն ու օրհնութիւնը ու ապա  Ծիրանաւորին նուիրեց հայկական խաչքար մը, բացայայտելով անոր խոր իմաստն ու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթին ու յատկապէս` ցեղասպանութեան ընթացքին։

Գերապայծառ Պօղոսեան Կարդինալ Նորպերթօ Ռիվերա Քարրերային նուիրեց նաեւ Նարեկացիի մասին գիրք մը, մատնանշելով թէ յառաջիկայ 12 ապրիլին նախատեսուած սուրբ պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պաշտօնական արարողութեամբ զայն պիտի հռչակէ ''Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.