2015-03-16 12:16:00

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին երեսփոխաններուն նախագահական նոր ընտրութիւն կատարելու


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շաբաթավերջին աւարտեց Պքերքէի մէջ իր գումարած հոգեւոր գերագոյն ժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կոչ ուղղեց արաբական եւ իսլամական երկիրներուն ստանձնելու ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու պատմական պատասխանատուութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ արաբական աշխարհին մէջ պահպանել քրիստոնեայ համայնքը, որ իր ներդրումը ունի այդ աշխարհին կազմութեան մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին արաբական աշխարհին օժանդակելու նաեւ Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ հանդուրժել Միջին Արեւելքի պատերազմներուն հետեւանքները, որովհետեւ Լիբանան շրջանին մէջ կայունութեան ազդակ մըն է:

Մարոնի եպիսկոպոսները անդրադարձան նաեւ թափուր մնացած նախագահական աթոռին եւ կոչ ուղղեցին երեսփոխաններուն ուղղուելու խորհրդարան եւ կատարելու իրենց սահմանադրական պարտականութիւնը` ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը, առանց որուն լիբանանեան պետութիւն եւ սահմանադրական հաստատութիւններ չկան:

Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ դրուատեց ներքին լիբանանեան իմաստով ընթացքի մէջ եղող երկխօսութիւնները, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութիւնները, որոնք կը մեղմացնեն լարուածութիւնը եւ կ՛առաջնորդեն դէպի միասնականութիւն, որուն շնորհիւ կարելի է լաւապէս պահպանել լիբանանեան բազմազանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.