2015-03-16 13:35:00

Հաղորդագրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Սան Մարինօ-ի'' կառավարիչներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ`  Երկուշաբթի, 16 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Սան Մարինօ-ի''  հանրապետութեան կառավարիչներ` Տիար Ֆրանքօ Թէրէնցիի եւ Տիար Կուէրինօ Զանոթթիի, որոնք ապա հանդիպում ունեցան Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին հետ ու անոր ընկերացող  Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկու պետութիւններու միջեւ տիրող լաւ կապերուն ի տես եւ ընդգծուեցաւ Եկեղեցւոյ եւ պետական իշխանութեան միջեւ գոյատեւող բարի համագործակցութիւնը։ Շեշտուեցան նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Սան Մարինոյի հանրապետութեան միջեւ պտղաբեր փոխ յարաբերութիւնները` միջազգային հասարակութեան շրջագիծէն ներս։  








All the contents on this site are copyrighted ©.