2015-03-16 13:41:00

''Առանց Աստուծոյ մարդը կարող է հասնիլ վայրագութեան անդունդը''. կարդինալ Փարոլին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  ներկայիս պետութեան հրաւէրով` պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Պիելոռուսիա։

Կիրակի 15 մարտին, Կարդինալը պատարագ մատուցեց մայրաքաղաք Մինսքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, մէջբերելով տեղացի բանաստեղծ ''Vladimir Niakliaev''-ի մէկ խորհրդածութիւնը` ‘’Աստուծմէ մոռցուած գիւղը, գիւղը կը մոռնայ զԱստուած'' ընդգծեց Պիելոռուսիայի անցեալին ապրած ճանապարհ խաչը, որուն պատմութեան ընթացքին ժողովուրդը ճանչցաւ շատ դժուար ժամանակ, ուր քահանաները արտահան եղան, եկեղեցիները կործանուեցան ու Աստուծոյ ժողովուրդը ցրուեցաւ։ Պետական քարոզչութիւնը մտադիր էր հաւատացեալներու  սրտէն խլել Աստուծոյ պատկերը։ Սակայն ատիկա կարելի չեղաւ իրագործել, քանի Աստուծոյ  պատկերը  Տիրոջմէն դրոշմուած էր հաւատացեալին սրտին մէջ։ Այս հողի նահատակ հաւատացեալները նման են Ս. Կոյս Մարիամին, որ Տիրոջ Խաչին ոտքը կանգնած, կրեց բոլոր ծանրութիւնը։ Պիելոռուսիայի ժողովուրդին յարութիւնը չէր կրնար ուշանալ, քանի Աստուծոյ հայրական սիրտը չէր տոկար` զոհուած իր զաւակներուն աղաղակին, քանի անիկա անբաժան մէկ մասը կը կազմէ վսեմ  Զոհին` իր Միածին Որդւոյն զոհին, որ մեզի համար մարդացաւ, մեզ փրկելու համար, եւ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց Հօր Աստուծոյ։

Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը անդրադառնալով դրացի Ուկրանիոյ մէջ պատահածին,  զգուշացուց հասարակութիւնը ըսելով. ''երբ մարդը կը հեռանայ Աստուծմէ` Առանց Աստուծոյ մարդ կը դառնայ որ կարող է հասնիլ վայրագութեան անդունդը''։

''Արդարեւ ամէնքս ականատես ենք պատահածներուն, հաղորդակցութեանց միջոցներով­, կործանուած հասարակութիւններ, անգութ օրէն ջարդուած մանուկներ ու ծերեր, մարդիկ պարտադրուած ապրելու գետնայարկերը­, վկայ դառնալով իրենց սիրելիներուն մահուան''։ Ասիկա, ըսաւ կարդինալ Փարոլին, ողբերգութիւնն է մարդու ազատութեան'' ու ապա յորդորեց հաւատացեալները պայքարելու  հաւատքի սիրոյն, ինչպէս ըրին իրենց հայրերն ու մայրերը եւ աւելցուց. ''Ձեր հողին վրայ. Ներկայիս. չկայ վտանգը ձեր սրտերէն խլելու հաւատքը, դուք կանչուած էք պայքարելու փոքրիկ կուռքերու դէմ, որոնք Աստուծոյ տեղը կ՛ուզեն գրաւել, ինչպէս ցնորքը հեշտ հարստութեան, բարիի ու չարին իմաստին կորուստը, անտարբերութիւնը, եկեղեցի յաճախել լոկ աւանդութեան սիրոյն, եսասիրութեամբ ապրիլ որպէս թէ Աստուած գոյութիւն չունենար, բաւարարուիլ  շրթունքներով գովաբանել զԱստուած եւ ոչ սրտով։ Աղօթքը` լաւագոյն միջոցն է Աստուծոյ ու եկեղեցւոյ մօտենալու - յարեց ապա Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը ու յորդորեց Եկեղեցիէն չհեռանալ քանի անով Քրիստոսի սիրտը  կը տրոփի։ ''Դուք - ըսաւ Ան - Աստուծոյ ողջ տաճարն էք, մի պղծէք զայն''։

Քարոզին աւարտին Կարդինալ Փարոլին բոլոր ներկաներուն փոխանցեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին սիրալիր ողջոյններն ու օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.