2015-03-15 12:50:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 15 Մարտի Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 15 մարտի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին մեկնաբանեց օրուան սուրբ  գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Յիսուսի` Նիկոդեմոսի  հետ հանդիպումի մասին եւ Յիսուսի խօսքերուն` ''Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին շնորհեց'' (Յովհ 3, 16)։

''Այս խօսքերը ունկնդրելով մեր հայեացքն ու մեր սիրտը ուղղենք Խաչեալ Յիսուսին ու ներքնապէս զգանք որքանով Աստուած մեզ կը սիրէ, իրապէս կը սիրէ, անհունօրէն'', ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ Աստուած մեզ կը սիրէ ձրի եւ անսահման սիրով որ կը յայտնաբերուի արարչութեան մէջ եւ փրկութեան պատմութեան մէջ, այնպէս ինչպէս ժամանակի լրումին ընթացքին երբ` հակառակ որ մարդիկը խզած էին կնքուած դաշինքը, Աստուած փոխանակ զանոնք լքելու, անոնց հետ նոր դաշինք մը կնքեց, Յիսուսի արեան դաշինքը որ  ոչ մէկը կարող է խզել։

Քրիստոսի խաչը ամենամեծ ապացոյցն է Աստուծոյ սիրոյն մեզի հանդէպ – ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով թէ ''Յիսուսի մահուընէ եւ Յարութենէն ետք Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ բնակեցաւ շնորհիւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան։ Ան է որ կը գործէ եկեղեցւոյ ներքոյ ու մեզ կարող կը դարձնէ սիրելու զԱստուած ու մեր եղբայրները։ Եւ այս սիրոյն ամենասուրբ ու ամենազդեցիկ նշանը Սուրբ Հաղորդութիւնն է, Յիսուսի Զատկուայ յիշատակը, որուն մատակարարութեամբ մենք կը վերապրինք Գողգոթայի ճանապարհը որ է Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջէւ սիրոյ պատմութեան գագաթնակէտը։

Մարիամ` ողորմութեան Մայրը, մեր սրտերուն մէջ դրոշմէ վստահութիւնը թէ սիրուած ենք Աստուծմէ։ Մեզի մօտիկ ըլլայ դժուար պահերու ընթացքին ու մեզի պարգեւէ իր Որդոյն զգացումները, որպէսզի  քառասնորդացի մեր ուղեւորութիւնը ըլլայ ներումի, հիւրընկալութեան եւ սիրոյ փորձառութիւն։

 

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ցաւը Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած արարքներուն ի տես։

''Խոր վիշտով ու մեծ ցաւով իմացայ լուրը, ահաբեկչական այն արարքին զոր գործադրուեցաւ Փաքիստանի Լահորի մէջ գտնուող երկու քրիստոնեայ եկեղեցիներու դէմ, որ պատճառեց բազմաթիւ վիրաւորներ ու մեռեալներ։ Քրիստոնեաները հալածուած են­, մեր եղբայրները արիւն կը դափեն միայն որովհետեւ քրիստոնեայ են։ մինչ կ՛ապահովեցնեմ աղօթքներս զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն, Տիրոջմէ կը հայցեմ խաղաղութեան եւ հաշտութեան պարգեւը, որպէսզի քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած այս հալածանքը,  զոր աշխարհը կ՛ուզէ թաքուն պահել` վերջ գտնէ, ու այդ երկրին  մէջ հաստատուի խաղաղութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,  կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի  աւարտին յղած իր պատգամին մէջ։ 

Ան  մօտիկութիւն յայտնեց նաեւ Խաղաղական Ովկիանոսի Վանուաթուի բնակիչներուն, որոնք թիրախ դարձան ահաւոր մրրիկին։ Ֆրանչիսկոս Պապը  անոնց ապահովեցուց  իր աղօթքը ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ գործի լուծուեցան պատշաճ օգնութիւնները ապահովելու համար։

Սրբազան Հայրը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.