2015-03-14 13:22:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ուղերձը Իտալիոյ ուուցիչներու, տնօրէններու, դաստիարակներու եւ կազմաւորումի պատասխանատուներու կաթողիկէ միութեան անդամներ


Շաբաթ, 14 մարտի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ ուուցիչներու, տնօրէններու, դաստիարակներու եւ կազմաւորումի պատասխանատուներու կաթողիկէ միութեան անդամներուն՝ իր ուղերձին մէջ դիմելով անոնց ՙգործակիցներ՚ բացատրութեամբ, յիշելով իր ուսուցչական պաշտօնավարութեան տարիները։

Ուսուցանելը յոյժ գեղեցիկ աշխատանք մըն է, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Յիշեալ միութիւնը կը բոլորէ իր հիմնարկութեան 70րդ տարեդարձը։ Միութեան անդամները 70 տարիներու ընթացքին մեծ ներդրում կատարած են Իտալիոյ մէջ սերունդներու դաստիարակութեամբ եւ ՙդպրոց՚ հաստատութեան գաղափարի ուղիղ հասկացումով։ Որովհետեւ ՙդպրոց՚ հաստատութիւնը մթագնած է բանավէճերու եւ նսեմացնող կեցուածքներու պատճառով։ Դպրոցը պէտք է ըլլայ որակաւոր ուսուցումի վայր, շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ, սակայն նաեւ մարդկային յարաբերութիւններու վայր մը, այսինքն՝ հիւրընկալման եւ բարեգործութեան վայր՝ տրամադրելի բոլորին։ Քրիստոնէական ուսուցման հիմնական գաղափարն է սիրել՝ յատկապէս դժուարին, տկար եւ ոչ նպաստաւոր պայմաններու մէջ գտնուող աշակերտները։ Պէտք է իբր քրիստոնեայ ուսուցիչներ ձեռք երկարել յատկապէս անոնց, որոնք կարիքն ունին, որոնք կը գտնուին հասարակութեան եզրին, լուսանցքի վրայ։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը տուած է մեծ դաստիարակներու բազմաթիւ օրինակներ։ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց յատկապէս Սուրբ Հ. Ճովաննի Պոսքո, որուն ծննդեան երկուհարիւր-ամեակը կը յիշուի այս տարի։

Վերջապէս Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որ Միոիւթիւնը ունենայ բաց հոգի ապագայի հանդէպ, միշտ այժմէացնէ իր դաստիարակչական ձեռնհասութիւնները՝ նաեւ թեքնիք նոր նուաճումներու լոյսին տակ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց Միութեան անդամները՝ նորոգելու մարդու հանդէպ կատարած իրենց կազմաւորումի ծառայութեան եռանդը եւ ըլլալու յոյսի վկաներ, եւ սրտանց օրհնեց զանոնք։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.