2015-03-14 11:14:00

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի, 13 մարտին շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին, անոր գահակալութեան տարեդարձին առիթով:

«Լիայոյս եմ, որ Ձեր աստուածահաճոյ ծառայութիւնն ու հոգածութիւնը իրենց նպաստը կը բերեն այս դժուար օրերուն ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան, բարութեան եւ  հանդուրժողականութեան հաստատման: Հայաստան բարձր կը գնահատէ Սուրբ Աթոռին հետ տարբեր մարզերու մէջ առկայ  կառուցողական երկխօսութիւնն ու քրիստոնէական նոյն ակունքի  արժէքներու համակարգէն սերող բազմաբովանդակ երկկողմ կապերու ընդլայնումը:

«Մեծապէս կ՛ակնկալենք, որ միշտ բարձր մակարդակի երկխօսութեամբ յատկանշուող մեր իւրայատուկ յարաբերութիւնները կը շարունակեն իրենց վերընթաց զարգացումն ու ամրապնդումը համագործակցութեան այն բարի աւանդութիւններով, որոնք ձեւաւորուած են Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ:

Կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ  անսպառ կորով: Ընդունեցէք խնդրեմ, Ձերդ սրբութիւն, խորին յարգանքներուս հաւաստիքը», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին  շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.