2015-03-13 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողջոյնի խօսքը Քորէացի հասարակութեան


Հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 5.00 ին, Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ  գոհաբանական աղօթք, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Քորէա տուած այցելութեան եւ այդ առթիւ Քորէացի մարտիրոսները երանելի հռչակման համար։ 

Պատարագի Սուրբ արարողութիւնը կատարեց Քորէայի Եպիսկոպոսաց դասի նախագահ` Գերապայծառ Իճինօ Քեմի, մասնակցութեամբ Քորէայի թեմի եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ 130 քահանաներ, մայրապետներ եւ Հռոմի մէջ բնակչութիւն հաստատող Քորէացի հաւատացեալներ։

Նախ քան Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապը հակիրճ այցելութիւն շնորհեց եւ  ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց, թէ տակաւին  չէ փառատած իր մէջ ուրախութիւնը Քորէայի տուած այցելութեան եւ թէ չէ մոռցած Քորէացի ժողովուրդի հաւատքի տուած վկայութիւնն ու անձ նուիրումը։ Սրբազան Հայրը հուսկ  խօսքը կեդրոնացուց երկու կէտերու վրայ։

Առաջին՝ աշխարհականները։  Քորէայի պատմութեան վերջին  երկու դարերուն եկեղեցին յառաջ ընթացած է շնորհիւ աշխարհականներուն։  Նորին Սրբութիւնը յորդորեց օժանդակել  աշխարհականներուն, որպէսզի անոնք հաւատարիմ մնան սոյն պատասխանատուութեան ու ապա քաջալերեց  աշխարականները նմանելու իրենց նախահայրերուն։

Երկրորդ՝ Նահատակները։ Քորէայի  եկեղեցին ջրուած անոնց մարտիրոսներու արեամբ, որոնցմէ ծնունդ առած է կեանքը ։ Ֆրանչիսկոս Պապը հայցեց ներկաներէն երբեք  չի յուսալքուիլ եւ զգոյշ ըլլալ կրօնի բարօրութեան համար զգուշացնելով սատանայի ճարպիկութենէն։   

Ֆրանչիսկոս Պապը իր ողջոյնի խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Քորէացի եկեղեցական դասին եւ աշխարականներուն տուած այցելութեան համար,  ներկաները հրաւիրելով միասնաբար  աղօթել ''Ողջոյն Քեզ'' Մարեմեան աղօթքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.