2015-03-13 12:31:00

''Քահանայապետական Արեւելեան կաճառը'' նշեց Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) 12 Մարտ 2015-ի յետմիջօրէին, ''Քահանայապետական Արեւելեան կաճառին'' մէջ տեղի ունեցաւ ակադեմիական հասարակութեան ''Մեծ Եղեռն` Տէր ողորմեա'' բնաբանով խորհրդածութեան նիստ մը, յիշատակելու համար հայ  ժողովուրդին հարիւր տարի առաջ կռած` ցեղասպանութեան ահռելի տառապանքին հարիւրամեակը։

Հանդիպումին ելոյթ ունեցան Յիսուսեան միաբան` Հայր Ժորժ Ռոյսէն,  հեղինակը հայկական հարցին Վատիկանի արխիւներու փաստաթուղթերու հաւաքածոյին. Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի փոխ տեսուչ` Հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ անդրադարձաւ Լեւոնեան Վարժարանի նահատակ աշակերտներու մասին, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդիալ Լէոնարտօ Սանտրին։

Հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լեւոնեան քահանայապետական Վարժարանի աշակերտութեան երգչախումբը։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Կարդինալ Սանտրին  յատուկ անդրադարձ կատարեց երկու վերոյիշեալ զեկուցողներու ներկայացուցած նիւթերուն մասին, երախտագիտութիւն յայտնելով Հայր Ռոյսէնին ուսումնասիրական աշխատանքին համար որուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ Սուրբ Աթոռի ուշադրութիւնն ու ջանքերը կասեցնելու մարդասպաններուն ձեռքերը եւ կոտորածներէն վերապրողներուն հասցնելու օգնութիւն եւ սփոփանք։

Կարդինալը ապա անդրադարձաւ Գրիգոր Նարեկացիին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ շնորհուած  ''Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ'' տիտղոսին ու մէջբերեց Նարեկացիի աղօթքէն հատուած մը  ու ապա ըսաւ ''մեր միտքը կ՛երթայ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքա, ուր մէկ ամիսէն 12 ապրիլ 2015-ին, ըստ լատինաց Աստուածային Ողորմութեան Կիրակին, Սրբազան Քահանայապետը պիտի հանդիսապետէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը հայ ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ. Այժմէն իսկ շնորհակալ ենք Անոր իր հայրական ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ այն ուշադրութեան որ կը յատկացնէ բռնութեան տառապանքը ապրող  բոլոր Միջին Արեւելքի Քրիստոսի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիային։

Կարդինալը խօսքը եզրափակեց մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2006-ին արտասանած յուզումնալից մէկ խօսքը հայող հրեաներու ողջակիզումին  որ կ՛եզրափակուէր այսպէս. '' Մենք կոչ կ՛ուղղենք Աստուծոյ, որպէսզի մարդիկը մղէ ապաշխարութեան եւ որպէսզի անոնք գիտակիցին թէ բռնութիւնը խաղաղութիւն չի ստեղծեր այլ կը յարուցէ այլ բռնութիւն, կործանումի պարոյր մը որուն աւարտին ամէնքը կրնան միայն պարտութեան մատնուիլ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.