2015-03-13 10:27:00

Ս. Երկրի վիճակաւորներու կոչը սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներու ի խնդիր


(Ռատիօ Վատիկան) 10-11 մարտ 2015, Ս. Երկրի կաթողիկէ համայնքապետերը Երուսաղէմի մէջ ընդհանուր ժողով գումարեցին  որուն աւարտին կոչ ուղղեցին  Միջազգային հասարակութեան ու ՄԱԿին, խնդրելով որ միջամտեն Յորդանան ապաստան գտած սուրիացիներուն  եւ իրաքցիներուն համար, որպէսզի զանոնք չթողուն ողբալի կացութեան մէջ։

Համայնքապետերը  կոչ ուղղեցին նաեւ ի նպաստ Կազայի վերաշինութեան, որպէսզի վերջին զինեալ ընդհարումին հետեւանքով ա օճախ մնացած բազմաթիւ ընտանիքները  կարողանան օթեւան մը ունենալ։ 

Կաթողիկէ համայնքապետերը շօշափեցին դպրոցներու հարցը Իսրայէլի մէջ, ընդգծելով հարկաւորութիւնը լաւագոյն դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերունդին։ Համայնքապետերը, անդրադարձան նաեւ Վատիկան գումարուելիք եպիսկոպոսական  ''ընտանիքի'' մասին սիւնհոդոսին, յառաջիկայ Հոկտեմբերին, շեշտելով հարկաւորութիւնը պատշաճօրէն պատրաստել երիտասարդները ամուսնութեան խորհուրդին։ Անոնք ապա անհուն ուրախութիւն յայտնեցին ի լուր արաբ երկու պաղեստինցիներու սրբադասումին, յանձին` երանուհի Marie Alphonsine Ghattas, հիմնադրուին ս. Վարդարանի իգական միաբանութեան եւ Maria di Gesù Crocifisso Bawardi, հիմնադրուին Բեթղեհէմի կարմեղեան իգական միաբանութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.