2015-03-13 12:22:00

''Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի քարտուղարի այցելութիւնը Սուրիա'' հաղորդագրութիւն


Ուրբաթ, 13 մարտին, արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, թէ Արեւելեան եկեղեցիներու  ժողովի Քարտուղար  գերապայծառ  Չիրիլ Արքեպիսկոպոս Վազիլը ընկերակցութեամբ  ''ROACO''  Արեւելեան եկեղեցիներու ի նպաստ օժանդակութիւն կազմակերպութեան քարտուղար՝ Հայր Մաքս Քապպապիանքայի , 13- 18  մարտ այցելութեամբ կը մեկնին Սուրիա։

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Ճամբորդութեան նպատակն  է շօշափելի կերպով  յայտնել Սուրբ Աթոռի մշտատեւ  ուշադրութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին  եւ  Եկեղեցւոյ, անոնց ապրած ողբերգական կացութեան ի տես, եւ   յանուն  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին  յայտնել`  Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի  զօրակցութիւնը։

Գերապայծառ Չիրիլ Վազիլ Սուրիա Կեցութեան ընթացքին  իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ երկրի Կաթողիկէ  հովուապետերու նախատեսուած ընդհանուր ժողովին, ազգային Քարիթասի պատասխանատուներու միջեւ կայանալիք  հանդիպումին, ինչպէս նաեւ  պիտի նախագահէ Քրիստոնեայ երիտասարդներուն հաւաքի ձերնարկին որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի 18 մարտին։

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի քարտուղարը՝  եկեղեցական կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու այցելութենէն անդին, պիտի նախագահէ նաեւ աղօթքի արարողութիւն մը, անցեալ 7 ապրիլ 2014ին, Սուրիոյ Հոմս Քաղաքին մէջ սպաննուած Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ` հանգուցեալ Հայր Ֆրանս Վան Տէր Լուկթի դամբանին մօտ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.