2015-03-13 12:31:00

2015 տարին՝ կրօնաւորական կեանք տարի


Առաքեալներու եւ Սուրբ Հայրերու վկայութիւնները

Սուրբ Կուսութեան մասին

                        «Սուրբ Կուսութիւնը եւ կատարեալ ողջախոհութիւնը, կ՛ըսէ Պիոս ԺԲ. Քահանայապետը «Սուրբ Կուսութիւնը» շրջաբերականին մէջ (1954), կը համարուին այն մեծագոյն գանձերէն` զորս Քրիստոս իբր աւանդ թողուց իր Ս. եկեղեցւոյ»

                         Քրիստոս Սուրբ Կուսութիւնը նմանցուց Երկինքի Արքայութեան: «Երկնքի Արքայութիւնը կը նամանի տասը կոյսերու», կ՛ըսէ Տէրը: (Մատթ. 25,1)

                         Այս պատճառաւ, Սուրբ Հայրերը կ՛ընդգծեն Կուսութեան եւ կատարեալ ողջախոհութեան էապէս քրիստոնէական բնոյթը: Հին Կտակարանին մէջ կուսութիւնը նախապատրաստական պայման մը կը համարուէր ամուսնութեան համար: Կուսութիւնը սակայն, չի հայիր միայն ամուսնութեան վիճակին այլ նաեւ կրօնաւորական կեանքի: Որով կատարեալ ողջախոհութիւնը մէկն է այն երեք ուխտերէն` որոնք կը կազմեն կրօնաւորական վիճակը: Այսուհանդերձ, բազմաթիւ այրեր ու կիներ, որպէսզի կարենան աւելի ազատ կերպով ծառայել Աստուծոյ եւ օգնել ընկերոջ, պարզ առաջադրութեամբ եւ կամ անհատական ուխտով` կը հրաժարին ամէն մարմնական հաճոյքէ, առանց պատկանելու կրօնաւորական հասարակական վիճակին:

                         Սակայն այսօր, կը գտնուին մարդիկ, որոնք տգիտութեան պատճառով այս նիւթիւն նկատմամբ, այնքան կը պանծացնեն ամուսնութիւնը, որ զայն նախամեծար կը համարին քան Կուսութեան վիճակը. անոնք ձեւով մը կ՛արհամարեն Աստուծոյ նուիրուած կուսութիւնը եւ քահանայական ողջախոհութիւնը: Ուրիշներ` այս առաքինութիւնը յաճախ թերութիւն կը համարեն: Մարդիկ կան, յատկապես կիներ, որոնք կեանքի տարբեր պատճառներու բերումով չեն ամուսնանար, կը շարունակեն իրենց կուսական կեանքը, սակայն այս վիճակը թերութիւն կը նկատէն:

                         Պատուական է կուսութիւնը Աստուծոյ առջեւ, քանի որ անոնց կեանքը նման է երկնայիններու կեանքին, եւ կուսութիւնը երկնային կեանք է երկրի վրայ: Ինչպէս որ երկնքի մէջ չկայ ապականութիւն, այդպէս ալ կոյսերը իրենց հոգիներն անապական պահեցին եւ իրենց մարմինները դաշտի շուշանի նման անուշահոտ դարձուցին:

                         Ստոյգ է որ առաքելական ժամանակներէն սկսեալ այս առաքինութիւնը կ՛աճի ու կը զարգանայ Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ: Երբ «Գործք Առաքելոց»ի մէջ կ՛ըսուի թէ Փիլիպպոս սարակաւագին աղջիկները կոյս էին, այդպէսով կը մատնանշուի ոչ թէ անոնց երիտասարդութիւնը, այլ կենցաղավարութիւն մը (Գործ. 21, 9):

                         Ոչ շատ ժամանակ ետք, Ս. Իգնատիով Անտիոքացի ողջոյններ կը յղէ Կոյսերուն, որոնք այրիներուն հետ միասին, Զմիւռնիոյ քրիստոնեայ Հասարակութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմէին: Բ. դարուն, Ս. Յուստինոսի վկայութեան, 60-70 տարեկան բազմաթիւ անձեր, կոյս ապրած էին  իրենց մանկութենէն սկսեալ, Քրիստոսի հրաւէրին համապատասխանելու համար: Հետզհետէ աւելցաւ թիւը այրերուն եւ կիներուն` որոնք իրենց կուսութիւնը Աստուծոյ կ՛ուխտէին. միեւնոյն ատեն կ՛աւելնար իրենց դերին կարեւորութիւնը` Ս. Եկեղեցւոյ մէջ:

                         Ասկէ զատ, Սուրբ Հայրերը, ինչպէս Կիպրիանոս, Ամբրոսիոս, Յովհաննէս Ոսկեբերան, Հերոնիմոս, Օգոստինոս եւ բազմաթիւ ուրիշներ, գերազանց գովասանքներով երգեցին կուսութիւնը` իրենց գրուածքներուն մէջ: Սուրբ Հայրերու այս վարդապետութիւնի, որ դարերու ընթացքին ճոխացաւ Եկեղեցւոյ վարդապետներուն եւ Աստուածաբաներուն գրուածքներով, մեծ ազդեցութիւն մը կը գործէ երկու սեռերու պատկանող քրիստոնեաներու վրայ, որպէսզի անոնց մէջ ծագին եւ կամ ամրանան` իրենք զիրենք կատարեալ ողջախոհութեամբ Աստուծոյ նուիրելու եւ այդ վիճակին մէջ մինչեւ վերջին շունչը յարատեւելու առաջադրութիւնները:   

 








All the contents on this site are copyrighted ©.