2015-03-12 12:16:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Վատիկանի վերին ատեանի դասընթացքի մասնակիցներուն հետ


Հինգշաբթի, 12 մարտի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի վերին  ատեանի  կազմակերպութեամբ` 13-15 մարտին,  տեղի ունեցող ապաշխարութեան խորհուրդին ճշգրիտ մատակարարման դասընթացքի հետեւորդներուն։  Այս առթիւ անոնց յղած պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը  անդրադառնալով Եկեղեցւոյ Սուրբ խորհուրդներուն մասին ըսաւ, Անոնք՝  մարդոց հանդէպ Աստուծոյ քնքշութեան վայրն են, աւելցնելով  թէ սուրբ խորհուրդները  Աստուծոյ առարկայական  կերպն է մարդոց հանդիպելու ,  զանոնք ողջագուրելու՝ առանց ամչնալու մարդու սահմանափակումներէն։

Ֆրանչիսկոս Պապը կեդրոնացաւ ապա Ապաշխարութեան խորհուրդին վրայ ըսելով

''Եկեղեցւոյ Սուրբ խորհուրդներու ընդմէջէն, վստահաբար ապաշխարութեան խորհուրդը ազդու կերպով կը ներկայացնէ Աստուծոյ ողորմածութեան դիմագիծը , զայն կ՝առարկայացնէ, եւ  կը յայտնէ  անդադար''։

Սուրբ ապաշխարութեան խորհուրդը՝ Աստուծոյ ողորմածութեան պարգեւը  լուսարձակի տակ առնելով , Ֆրանչիկսոս Պապը  ընդգծեց երեք կէտեր.

Առաջին՝ Սուրբ ապաշխարութեան  Խորհուրդը, որպէս միջոց դաստիարակելու ողորմածութիւն,  այսինքն օգնել մեր եղբայրներուն՝ ապրելու  խաղաղութեան,  հասկացողութեան, մարդկային եւ քրիստոնէական փորձարութիւնը ։։

Խոստովանանքը պէտք չէ ըլլայ չարչարանք այլ պէտք է որ  խոստովարանէն ամէն ոք դուրս գայ սիրտը լի երջանկութեամբ եւ յուսադրութեամբ` դարձի գալու  պատճառած ուրախութենէն, նոյնիսկ եթէ անոնք արտասուքով թրջուած ըլլան։

Երկրորդ՝ թոյլ տալ  դաստիարակուելու՝ ապաշխարանքի խորհուրդէն։

Ակնարկելով խոստովանահայրերուն՝ ֆրնաչիսկոս Պապը ըսաւ, ''դուք ձեզի թոյլ տուէք որպէսզի դաստիարակուիք խոստովանքի խորհուրդէն։

Քանի անգամներ ունկնդրած էք խոստովանանքներ, որոնք ձեզ ամրապնդած են։ Խոնարհ, աղքատ հոգիներ, որոնք ամբողջութեամբ կ՝ապաւինին Տիրոջ, որոնք կը վստահին եկեղեցւոյ, նոյնիսկ խոստովանանք կատարելով։

Ինչքան կրնանք սորվիլ դարձի եկած եւ զղջացած մեր եղբայրներէն։ Անոնք մեզ կը մղեն խղճի քննութիւն կատարելու։ Ես, Քահանայ , արդեօ՞ք այնքան  կը սիրեմ Քրիստոսը, որ զիս Իրեն ողորմութեան մատակարարը հաստատեց''։

Երրորդ՝ պահպանել գերբնական հայեացքը։

Երբ որ մտիկ ընենք հաւատացեալներու խոստովանանքին , հարկ է միշտ մեր  ներքին հայեացքը սեւեռել դէպի երկինք։ Յատկապէս պէտք է գիտակից ըլլանք որ ոչ մէկը արժանացած է այդ պաշտօնին իր անձնական արժանիքներուն  պատճառաւ եւ ոչ ալ Աստուածաբանական կամ իրաւագիտական գիտութեան համար։ Բոլորս՝ ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարներ հանդիսացած ենք  շնորհիւ Աստուծոյ ողորմածութեան  շնորհքին, պէտք չէ որ երբեք՝ կորսնցնենք գերբնական սոյն հայեացքը։

Իւրաքանչիւր ապաշխարող որ կը մօտենայ խոստովանանքին, սուրբ հող  մըն է  որ ի հարկէ, անձնուիրութեամբ, հովուական հոգիով եւ ուշիմութեամբ  զայն մշակել։

Պատգամի աւարտին , Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն մաղթեց, որ Քառասնորդացի շրջանը ըլլայ՝  անհատական ապաշխարութեան շրջան  եւ վեհանձնութեամբ նուիրուելու ունկնդրելու խոստովանանքի դիմողները,  որպէսզի Աստուծոյ ժողովուրդը կարենայ բիւրեղացած հասնիլ Սուրբ Զատկուայ տօնին որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ Ողորմածութեան վերջնական յաղթանակը աշխարհի բոլոր  չարիքներուն վրայ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.