2015-03-12 13:55:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գրաւոր ուղերձը Քորէայի Եպիսկոպոսներու Հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով


Հինգշաբթի, 12 մարտի առաւօտեան՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Քորէայի եպիսկոպոսները՝ Ս. Աթոռին կատարած իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին եւ յատկապէս Արքեպիսկոպոս Քիմի՝ յիշելով իր Քորէա կատարած այցելութիւնը եւ յատուկէն անդրադառնալով այնտեղի հաւատացեալներու առաքելական հոգիին։ Սրբազան Պապը Քորէայի մէջ մարտիրոս Փօլ Յունի եւ ընկերակիցներու երանացման արարողութիւնը կատարած էր։ Ան յիշեց իր ուղերձին մէջ այդ մարտիրոսները եւ անոնց գործած աշխատանքը ի նպաստ Սուրբ Աւետարանի քարոզութեան եւ առաքելութեան։ Նշեց՝ որ անոնց օրինակը մեզ բոլորս պէտք է դաստիարակէ։

Սրբազան Հայրը խօսքին մէջ լայնօրէն անդրադարձաւ Քորէայի երիտասարդներուն, որոնք իրենց նախնիքներու եռանդով կը շարունակեն եւ մշակեն անոնց քարոզչական ժառանգութիւնը։ Նաեւ քորէացի ընտանիքները, որոնք իրենց առօրեայ կեանքը կը վարեն Ս. Աւետարանի ուսուցման հոգիով, մեծապէս կը նպաստեն եկեղցւոյ առաքելութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց եպիսկոպոսներու գործունէութիւնը եւ անոնց եղբայրական համագործակցութիւնը Քորէայի եւ Մոնկոլիայի մէջ։ Յորդորեց, որ անոնք միշտ ըլլան իսկական հայրեր իրենց քահանաներուն, ոչ միայն յորդորներով եւ ճշդումներ կատարելով այլ առաւել եւս ընկերակցելով անոնց իրենց դժուարութիւններուն եւ ուրախութիւններուն մէջ։ Անոնց ուշադրութեան յանձնեց կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, որոնք իրենց կեանքով կը հարստացնեն եկեղեցին եւ նեցուկ կը կանգնին անոր կեանքին։

Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսներուն եւ վստահեցուց իր աղօթքը բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն համար ըլլայ Քորէայի ըլլայ Մոնկոլիայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.