2015-03-12 15:18:00

Քորէայի եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին:


(Ռատիօ Վատիկան)  Քորէական թերակղզին բաժնուած է երկու մասի Հարաւային, որ Ամերիկեան հսկողութեան տակ եղած է եւ Հիւսիսային որ Սովետական Միութեան ժամանակ ունեցած է անոր պաշտպանութիւնը։

Երկու Քորէաներու բաժանումը տեղի ունեցաւ երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին ու մինչեւ օրս կը գոյատեւէ, թէեւ երկու ժողովուրդները ունին միեւնոյն լեզուն ու միեւնոյն մշակոյթը։

Հիւսիսային Քորէայի տարածութիւնն է 122.762 քմ քառակուսի 24 միլիոն 553 հազար 672 բնակչութեամբ։ Հիւսիսային Քորէայի մէջ ընդունուած է միային ''Պատուարժան Առաջնորդի'' պաշտամունքը։

Հիւսիսային Քորէան կազմուած է 3 թեմերէ որոնք թափուր են որովհետեւ երկրին օրէնսդրութիւնը չի հանդուրժեր այլ կրօններու ներկայութիւնը։

Հարաւային Քորէան ունի 99.268 քմ քառակուսի տարածք եւ յիսուն միլիոնէ աւելի բնակչութիւն, որուն 5 միլիոն 393 հազարը` 10,7 տոկոսը, կաթողիկէ են։

Հարաւային Քորէա քրիստոնէութեան մուտքը տեղի ունեցած է ԺԸ դարուն, աշխարհականներու քարոզութեան շնորհիւ ։ Երբ 1794-ին Չինացի առաջին քահանան կը հասնի Քորէա, հոն կը գտնէ 4 հազար մկրտեալներ, թէեւ հոն չկար ոչ եկեղեցի եւ ոչ ալ կղեր։

Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 16 Եկեղեցական գաւառ, 1673 ժողովրդապետութիւն, 843 հովուական կեդրոններ ուր կը գործեն 35 եպիսկոպոս, 4261 քահանայ, 10 մնայուն սարկաւագ, 516 կրօնաւոր եղբայրներ, 9016 կրօնաւորուհիներ, 56 աշխարհական նուիրեալներ, 123 աշխարհական միսիոնարներ եւ 14.195 կրօնուսոյցներ, բացի 395 փոքր նորընծայ եւ 1498 աւագ նորընծաներէն։

Կաթողիկէ եկեղեցին կը կառավարէ 294 դպրոցական հաստատութիւններ եւ 34 բարձրագոյն վարժարան եւ համալսարաններ որոնք յաճախուած 189 հազար աշակերտներէ։

Եկեղեցին ունի նաեւ 1175 ընկերային եւ բարեգործական հաստատութիւններու կեդրոններ որոնց շարքին` հիւանդանոցներ եւ դարմանատուներ, ծերանոցներ, որբանոցներ, ընտանիքի եւ կեանքի պաշտպանութեան յատկացուած կեդրոններ եւ այլ կազմաւորումի, բարեսիրական ու կրթական հաստատութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.