2015-03-12 14:52:00

''Կամ սիրող մարդիկ ենք եւ կամ կեղծաւորներ'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեան փոխզիջումի ճանապարհ չունի եթէ թոյլ չտայ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը իրեն դպչի, եւ եթէ սուրբերու նման իր կարգին չսիրէ մերձաւորը,  որոովհետեւ այսպէսով ան կը դառնայ կեղծաւոր մը որ կը քանդէ ու կը ցուլէ փոխանակ բարիք գործելու'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, հինգշաբթի 12 մարտ 2015-ի առաւօտեան արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը, հիմնուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ։ 

Հհին կտակարանէն մեկնելով  Քահանայապետը յայտնեց թէ Աստուած ամէն ինչ տուաւ ու միայն գէշ բաներ ստացաւ, անհաւատարիմ ժողովուրդէն։ Ի տես այս իրողութեան կարծես Աստուած արտասուեց, այնպէս ինչպէս արտասուեց նաեւ Յիսուսը Երուսաղէմի համար։

Երբ կը կատարենք մեր կամքը մեր սիրտը կը կարծրանայ` կը քարանայ  եւ Աստուծոյ խօսքը չի կրնար մուտք գործել ու ժողովուրդը կը հեռանայ։ Այսօր քառասնորդացի այս շրջանին հարցադրենք ''ես Տիրոջ ձայնը կ՛ունկնդրե՞մ կամ իմ քմահաճոյքիս կը հետեւիմ'' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը ու անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթին ''կարծրացած սրտերու'' օրինակներուն։

Սուրբերը - ըսաւ ապա Ան -  այն անձեռն են որոնք վախ չունին Աստուծոյ ողորմութեան  քնքշութենէն, ասոր համար սուրբերը կը հասկնան մարդկային թշուառութիւնը ու մօտիկէն կը հետեւին ժողովուրդին։

Յիսուս կ՛ըսէ ''ով որ իմ հետս չէ ինծի հակառակ է'' չկայ փոխզիջումի այլընտրանք։ Կամ կը հետեւիս սիրոյ ճանապարհին կամ կեղծաւորութեան ուղիին։ Կամ թոյլ կու տաս որ սիրուիս Աստուծոյ ողորմութիւնէն ու կամ կը հետեւիս սրտիդ քմահաճոյքին որ` այսպէսով, ամէն օր առ աւելի կը կարծրանայ։ ''Ով որ իմ հետս չէ ինծի հակառակ է'' չկայ երրորդ փոխզիջումի ընտրանք մը։ Կամ սուրբ ես կամ հակառակ ուղղութեամբ կ՛ընթանաս։ Ով որ իմ հետս չէ չի քաղեր այլ կը ցրուէ եւ կը կործանէ։ Կաշառող մըն է. Կաշառակեր է ու կը կաշառէ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.