2015-03-11 11:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց Սրբուհի Թերեզա Ավիլայի գաւազանը։


Չորեքշաբթի, 11 մարտին  առաւօտեան,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ  տեղի ունեցած հրապարակային ունկնդրութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը, 

օրհնութիւնը կատարեց Քարմէլիթեան միաբանութեան  հիմնադրուի՝ Սրբուհի Թերեզա Ավիլայի գաւազանի մասունքին։

Չորս ուխտաւորներ, որոնք անցեալ 15 հոկտեմբեր 2014-էն,  Սրբուհիին Թերեզայի`   ծննդեան 500-րդ ամեակի առթիւ, կազմակերպած են ''Ճրագի ուղեւորութիւն'' կոչուող ուխտագնացութիւն մը,  շրջագայելով աշխարհի 5 ցամաքամասեր եւ այցելելով 30-է  աւելի երկիրներ, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցին վերոյիշեալ  գաւազանի  որպէսզի օրհնէ զայն։

Գաւազանի օրհնութեամբ, վերջ կը գտնէ եւրոպական ցամաքամասի մէջ կատարուած ''Ճրագի ուղեւորութեան'' ուխտագնացութիւնը։ Յառաջիկայ 28 մարտին, Ավիլա քաղաքին  պիտի  նշուի Սրբուհի Թերեզային ծննդեան հինգերորդ դարադարձը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.