2015-03-11 11:00:00

Քիարա Լուպիխի մահուան 7-րդ տարելիցին առթիւ գիտաժողով աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներուն մէջ։


Աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներու մէջ 12-15 մարտին,  Իտալական եկեղեցական ՝՝Ֆոքոլարինի՝՝ շարժումի հիմնադրուհի Քիարա Լուպիխի մահուան 7-րդ տարելիցի առթիւ, տեղի կ՝ունենան գիտաժողովներ` ՝՝Քիարա Լուպիխ, միութիւն, քաղաքականութիւն''  խորագիրով։

Այս ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 12 մարտին, Հռոմի խորհրդարանի դահլիճներէն մէկուն մէջ, առաւօտեան,  300 երիտասարդներ, ժամանած աշխարհի զանազան վայրերէն կը մասնակցին քաղաքագէտներու եւ մասնագէտներու  հետ  կայացած զրոյցի մը որուն աւարտին, յետմիջօրէին ժամը 6.30ին, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ''Քիարա Լուպիխ Միութիւն եւ քաղաքականութիւն գիտաժողովին''։

Նմանօրինակ  գիտաժողովներ կը կատարուին, Ֆրանսա, Թորոնթօ, Սէուլ եւ Պրազիլի,  մէջ ինչպէս նաեւ Սթրազպուրկի եւրոպական խորհրդարանին մէջ  յիշատակելու համար Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի ընկերութեան բարիքին նպաստող աշխարհածանօթ` Քոյր Քիարա Լուպիխի  մահուան 7-րդ տարելիցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.