2015-03-11 11:05:00

ՏԱՀԵՇ Մուսուլի մէջ եկեղեցի մը պայթեցուցած է


ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Մուսուլի մէջ պայթեցուցած են Ս. Գէորգ եկեղեցին: Քաղաքի հիւսիս-արեւելքը գտնուող վանքը կը նկատուէր մեծագոյններէն մէկը եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր Մուսուլի քրիստոնեաներուն մօտ:

Ըստ հաղորդագրութիւններուն, եկեղեցին պայթեցուած է երկուշաբթի օր: Բացի տաճարէն, ծայրայեղականները ոչնչացուցած են անոր կից գտնուող քանի մը բնակելի շինութիւններ, ինչպէս նաեւ տարածք մը, որ նախատեսուած եղած է բարեգործական օգնութիւն բաժնելու համար:

Յայտնի է նաեւ, որ տաճարին կից կը գտնուի քրիստոնէական գերեզման մը, որուն մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան:








All the contents on this site are copyrighted ©.