2015-03-11 10:54:00

10 միլիոն տոլար՝ Հայաստանի գիւղատնտեսական ենթակառոյցներուն համար


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամէն (IFAD) Հայաստան յատուկ իրաւունք պիտի ստանայ 7.25 միլիոն փոխառութեան, նպատակ ունենալով գիւղատնտեսական ենթակառոյցներու զարգացում կատարել: Համապատասխան վարկային համաձայնագիրը 11 Մարտին արժանացած է կառավարութեան նիստի հաւանութեան: Յիշեցնենք, որ համաձայնագիրը ստորագրուած էր Նոյեմբեր 2014ին:
Նախատեսուած է Հայաստանին որպէս վարկ յատկացնել 7.25 միլիոն փոխառութեան յատուկ իրաւունք (SDR), իսկ յաւելեալ 231 հազար պիտի յատկացուի որպէս դրամաշնորհ (ներկայի փոխարժէքով համապատասխանաբար 10.1 միլիոն տոլար եւ 320 հազար տոլար–Խմբ.):
Վարկի ժամկէտը 25 տարի է, իսկ արտօնեալ ժամանակաշրջանը՝ 5 տարի: Վարկը կը տրամադրուի տարեկան 1.25 տոկոս տոկոսադրոյքով:
Ծրագիրով նախատեսուած է հզօրացնել գիւղատնտեսութեան արդիւնաբերական համակարգն ու շղթաները:








All the contents on this site are copyrighted ©.