2015-03-09 13:33:00

Ֆրանչիսկսո Պապը ընդունեց Պելկիոյ Արաքայական ամոլը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 9 մարտ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Պելկիայի Ֆիլիփ թագաւորը, անոր կողակիցը Մաթիլտ եւ անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Քորէայի եպիսկոպոսական դասի անդամ եօթը եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ պետրոսի յաջորդին։

Ֆրանչիսկոս Պապին` Պելկիայի արքայական ընտանիքի շնորհած ունկնդրութեան հայող` հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք  թէ Արքայական ամոլը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպում ունեցած են նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։

Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Պելկիոյ միջեւ տիրող լաւ փոխյարաբերութիւնները, անդրադարձ կատարուեցաւ որոշ հարցերու շուրջ ինչպէս `ընկերային համախմբումը, երիտասարդներու կրթութիւնը, գաղթականութեան երեւոյթը եւ միջ–մշակութային ու միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Շօշափուեցան ապա  միջազգային բնոյթ ունեցող հարցեր` յատկապէս հայող Եւրոպական ցամաքամասին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.