2015-03-09 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց ''Քամերլենկի'' երդման արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 9 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Ուրպանոս Ը քահանայապետի անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ միջ կրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ`  Կարդինալ Ժան Լու Թոռանի`  Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ ''քամերլենկ''ի պաշտօնի երդման արարողութիւնը։ Անուանում մը որ Կարդինալ Թոռանին շնորհուած էր անցեալ 20 դեկտեմբեր 2014-ին.

''Քամերելնկը'' այն կարդինալն է որուն յանձնուած է ''առաքելական սենեակի'' պատասխանատուութիւնը  այսինքն  ''թափուր աթոռի'' ընթացքին, ժամանակաւոր կերպով  մատակարարելու Սուրբ Աթոռի իրաւունքներն ու ինչքերը։ Սոյն պաշտօնը  կը հանդիսանայ այն հազուաթիւ պաշտօններէն մին, որ Քահանայապետի մահով չ՛ընդհատուիր։ 

Արդարեւ Քահանայապետի մահուան` ''Քամերլենկ'' կարդինալին կ՛իյնայ կնիքը դնել Քահանայապետի գրասենեակին եւ ննջասենեակին դռներուն վրայ մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը։ Ան է որ կը հաղորդէ  Քահանայապետին մահուան լուրը ու յանձն կ՛առնէ վատիկանեան առաքելական պալատի,  Լատերանեան եւ Քասթել Կանտոլֆոյի պալատներուն պատասխանատուութիւնը։ Ան է որ կը սահմանէ քահանայապետի յուղարկաւորութեան կարգադրութիւնները։ Ան է որ կ՛որոշէ  երբ սկիզբ պիտի տրուի Պապընտիր պատրաստողական ժողովներուն եւ այդ ժողովներուն հայող բոլոր կարգադրութիւններուն ի մէջ այլոց կը նախագահէ Կարդինալներու երդման արարողութեան։ Անոր կ՛իյնայ ապա հսկել որ որեւէ օրէնք կամ կարգ չի խախտուի եւ Պապընտիր ժողովը օրինաւոր ընթացք մը ունենայ։    








All the contents on this site are copyrighted ©.