2015-03-09 11:40:00

Վատիկանի բարձր ատեանի 26-րդ դասընթացք


(Ռատիոօ Վատիկան)Վատիկանի վերին ատեանի պալատին մէջ,  9- 13 մարտին, տեղի կ՝ունենայ  Առաքելական դատարանի առընչուող նիւթերու 26-րդ դասընթացքը։

Ուսումնասիրուելիք  նիւթերու շարքին կը քննարկուին  ապաշխարութեան խորհուրդին ճշգրիտ մատակարարումը, անոր եկեղեցական կոնոններու՝ բարոյական, ծիսական եւ հովուական  տեսակէտներու ներկայացումը ինչպէս նաեւ ապաշխարողին պարտականութիւններն ու իրաւունքները։

Նշենք, թէ հինշագբթի, 12 մարտի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Վատիկանի բարձր ատեանի 26-րդ դասընթացքին մասնակցողներուն։։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.