2015-03-09 10:14:00

Սպանիոյ եկեղեցւոյ պատգամը կեանքի օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սպանիոյ մէջ կեանքի օրը կը յիշատակուի 25 մարտին` Տիրամօր Աւետման օրը։ Կեանքի օրուայ բնաբանն է` ''բազում կեանքեր կան ամէն մէկ կեանքին մէջ''։

Այդ օրուայ առթիւ հրատարակուած, Սպանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի

ենթայանձնախումբի նախագահ եպիսկոպոսի ստորագրութիւնը կրող պատգամը, կը նպատակադրէ ընդգծել կարեւորութիւնը կեանքին ու ընտանիքին, պաշտպանել աղքատն ու չքաւորը, պահպանել տկարն ու անկարը, որ ժամանակակից աշխարհը  կ’աշխատի կղզիացնել։

Եկեղեցին, պետութիւնն ու ընկերութիւնը կանչուած են միասնաբար աշխատելու պաշտպանելու համար կեանքը, սաղմէն մինչեւ բնական մահ։ Ահա թէ ինչու Մատրիտի եկեղեցին կը հրաւիրէ հաստատութիւնները, ընտանիքը ու ընկերակցութիւնները նուիրումով աշխատելու  կեանքին ի նպաստ ու զայն պաշտպանելու  իր բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.