2015-03-09 10:25:00

''Յիսուս ձեր հետն է'' յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի մէկ ժողովրդապետիւնը այցելելով։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 8 մարտ 2015-ի յետ միջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն կատարեց Հռոմի ''Թոր Պելլա Մոնաքա'' շրջանը գտնուող ''Santa Maria del Redentore'' անուան ժողովրդապետութեան։

Այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ Քալքութայի Մայր Թերեզայի միաբանութեան քոյրերու խնամակալութեան յանձնուած խումբ մը աղքատներու եւ հիւանդներու հետ, առաջին հաղորդութեան խորհուրդի պատրաստուող եւ ժողովրդապետութեան դաստիարակչական կեդրոնը յաճախող մանուկներուն հետ, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան հովուական խնամակալութեան խորհուրդներու անդամներուն հետ, հուսկ   ''Santa Maria del Redentore'' եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց հովուական այցելութիւնը եզրափակող Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։

Իր արտասանած քարոզին ու խօսքերուն մէջ Սրբազան Հայրը յորդորեց ''սրտերը մաքրել ու թոյլ տալ որ Յիսուս մուտք գործէ այնտեղ''։ Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց ''Մաֆիայի'' անդամները որոնք կը շահագործեն մարդիկը մատնանշելով թէ կարելի չէ Յիսուսը խափել որովհետեւ Ան ամէն բանէ տեղեակ է եւ թէ դժոխքի կ՛ արժանանան միայն անոնք որոնք կը մտածեն թէ Աստուծոյ կարիքը չունին։

''Քրիստոնէական բարոյականութիւնը կը հրաւիրէ ոչ թէ գետին չիյնալ այլ միշտ վերականգնիլ'', շեշտեց Քահանայապետը, խրախուսելով Հռոմի արուարձանի ''Թոր Պելլա Մոնաքայի'' բնակիչները յառաջ ընթանալու որովհետեւ Յիսուս իրենց մօտիկ է եւ իրենց կ՛ուղեկցի։  Յիսուս ''Թոր Պելլա Մոնաքայի'' հետ է` եւ Տիրամայրը ձեզ կը պաշտպանէ­, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով հաւատացեալներէն ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ցուցաբերած սիրալիր հիւրընկալութեան եւ ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթել նաեւ իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.