2015-03-09 14:59:00

Հոգեւոր ամփոփումի օր Զմմառու վանքին մէջ


Կիրակի 8 Մարտ 2015-ին, կեսօրուայ ժամերուն, Զմմառու վանքի «Նահատակաց» դահլիճին մէջ,Պէյրութի Ս. Եղիա - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ երիտասարդացը հոգեւոր հանդիպում մը կայացուցին, գլխաւորութեամբ Գերյ. Հ. Գէորգ Ծ.Վ. Եղիայեանի և մասնակցութեամբ Գեր. Հ. Պերճ Վրդ. Սապէի և Արժ. Տ. Ռաֆֆի Քհն. Յովհաննէսեանի: Այս հոգեւոր ամփոփումի ընթացքին հոգեւոր Հայրերը անդրադարձան Քառասնորդաց մեծ պահոց խորհուրդի մասին, առ ի պատրաստութիւն Ս. զատկուայ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան:

նոյն օրը, Զմմառու վանք այցելեցին նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի երիտասարդ երիտասարդուհիները, իրենց խմբապետներու և պատասխանատուներու ընկերակցութեամբ: Կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Հայ ժողովուրդի նոր սերունդի զաւակները, հոգեկան անհուն ուրախութեամբ, կարելիութիւնը ունեցան այցելել  Զմմառու վանքի դարաւոր մայր տաճարը, Ցաւագին Տիրամօր մատուռը, ինչպէս նաեւ պատմական թանգարանները: 








All the contents on this site are copyrighted ©.