2015-03-07 13:32:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը ''Հաղորդութիւն եւ ազատագրում'' իտալական եկեղեցական շարժումի անդամներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 7 մարտ 2015-ի առաւօտեան, ժամը 11.15-ին, 80 հազարէ աւելի հաւացեալներու եւ ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւն մը խուժած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակ հանդիպելու համար Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, Իտալական ''Comunione e Liberazione - ''Հաղորդութիւն եւ ազատագրում'' եկեղեցական  շարժումի հիմանդիր` Հայր Ճուասսանիի մահուան 10-րդ տարելիցին առիթով։

Ներկաներուն արտասանած իր  պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ`''երխատապարտ եմ Հայր Ճուսսանիին, զանազան պատճառներու համար. Առաջինը, որ անձնական է, կը հայի այն բարիքներուն զոր այս մարդը կարողացաւ ինծի ընել իր գիրքերու եւ յօդուածներու միջոցաւ,  երկրորդը այն է թէ Հայր Ճուսսանիի  մտածողութիւնը մարդկային է եւ կը թափանցէ ամէն մարդու խորքերը։

Դուք գիտէք որքանով հանդիպումի փորձառութիւնը կարեւոր էր Հայր Ճուսաննի համար` հանդիպում ոչ թէ  գաղափարականի մը հետ, այլ անձի մը` Յիսուս Քրիստոս,  եւ ասոր համար հայր Ճուսսանի հանդիսացած է ազատութեան դաստիարակիչը, եւ Քրիստոսի հետ հանդիպումի առաջնորդը, որովհետեւ Քրիստոսն է որ  ճշմարիտ ազատութիւնը կը շնորհէ։

''Ամէն ինչ,մեր կեանքին մէջ, այսօր ու նաեւ Յիսուսի ապրած ժամանակաշրջանին, ընթացք կ՝առնէ հանդիպումով'' ըսաւ Քահանայապետը,  օրինակ բերելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն  քաղուած առաջին առաքեալներու հանդիպումը Յիսուսին հետ ու ակնարկելով հարցումին զոր Յիսուս ուղղեց Պետրոսին ''Կը սիրե՞ս զիս'' ու Պետրոսի մարդ Սիմոնէն բխած պատասխանին ''այո''­։

Կարելի չէ հասկնալ ''հանդիպումի'' փորձառութիւնը առանց ողորմածութեան - ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ ''Միայն այն որ փորձարկած է ողորմութեան քնքշութիւնը կրնայ ճշմարտապէս ճանչնալ Տէրը ''։

Յիսուս Քրիստոսի ողորմութեան հետ շփուիլը  առանձնաշնորհեալ հանդիպումի վայր է  ուր՝  շնորհիւ սոյն ողորմութեան կը ձգտինք՝ տարբեր կեանքի մը ։ Եկեղեցւոյ ճանապարհն ալ այս է,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ''թոյլ տալ որ պարզուի Աստուծոյ մեծ ողորմութիւնը'' ու ապա ակնարկեց  եկեղեցական շարժումի հիմնադրութեան 60 ամեակին, մէջբերելով  Պենետիկտոս ԺԶ  վաստակաւոր քահանայապետի խօսքը ՝  ''շարժումի  ծնունդի  պատճառը եղած է  Քրիստոսի հետ վերանորոգուած հանդիպումը եւ Սուրբ Հոգիէն բխած մղիչ կորովը'։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա նշեց թէ  60 տարի ետք շարժումի սկզբնական խարիզմը չէ կորսնցուցած իր կենսունակութիւնը շեշտելով թէ հարկաւոր միշտ որպէս կեդրոն ընտրել  ''Յիսուս Քրիստոսը''։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա յորդորեց ներկաները  երբեք չկորսնցնել ազատ ութինը եւ զայն չվերածել մոխիրներու պաշտամունքի'' այլ միշտ կենդանի պահել այն առաջին հանդիպումի յիշատակը եւ այսպէս ապրիլ ու ըլլալ միշտ ազատ''։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց դէպի դուրս ելող եկեղեցւոյ իրականութեան վրայ, ճանապարհ մը որ կ՛առաջնորդէ հեռուները փնտռել եւ Յիսուսին ծառայել ամէն մեկուսացած եւ անտեսուած անձին մէջ, որ հեռացած է եկեղեցիէն։ Դուրս ելլել կը նշանակէ նաեւ մտիկ ընել անոր որ մեզի չի նմանիր, խոնարհութեամբ, եւ չի կեդրոնանալ առանձնայատկութեան եւ պատկանելիութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր խօսքին աւարտին մէջբերեց Տոն Ճուսանիի խօսքերը ու ներկաներուն վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ, Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին ու խնդրեց չմոռնալ աղօթել իրեն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.