2015-03-07 11:19:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցը Հռոմի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ` 7 մարտ 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Մարք Ուելլէն, ապա ժամը 11.15-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական ''Comunione e Liberazione - հաղորդութիւն եւ ազատագրում'' եկեղեցական շարժումի, 50 երկիրներէ ժամանած 80 հազար անդամներուն, շարժումի հիմնադիր` Տօն Լուիճի Ճուսսանիի մահուան 10-րդ տարելիցին առիթով (22 փետրուար)։

Իսկ յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Վատիկանեան տիեզերական Բ. ժողովի ծիսական նոր կանոններու հրատարակութեան 50.րդ տարեդարձին առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը Հռոմի ''Appia Nuova'' շրջանին մէջ գտնուող Ամենայն Սրբոց նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, ճիշդ այն վայրը ուր` 7 մարտ 1965-ին երջանկայիշատակ երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը, հետեւելով Վատիկանեան տիեզերական Բ. ժողովի ծիսական նոր կանոններուն, առաջին անգամուան համար պատարագ կը մատուցեր իտալերէն լեզուով, փոխանակ մինչեւ այդ օրը գործածուած լատիներէն լեզուին։

Ֆրանչիսկոս Պապը` ժամը 17,30-ին ինքնաշարժով կը մեկնի Վատիկանէն եւ կ՛ուղղուի Հռոմի Տոն Օրիոնէ թաղը, ուր զինք կը դիմաւորեն Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Վալլինին, եկեղեցւոյ աթոռակալ կարդինալը Վալթեր Քասբեր, շրջանի եպիսկոպոսը գերապայծառ Ճուզեփփէ Մարչանթէ, Տոն Օրիոնէ միաբանութեան մեծաւորը Հայր Ֆլավիօ Փելոզօ եւ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ ժողովրդապետը Հայր Ֆրանչէսքօ Մացցիդելլին ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Ժամը 18-ին Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ սուրբ զոհի արարողութիւնը որուն աւարտին, աւանդատան մէջ կը հանդիպի ժողովրդապետութեան քահանաներուն հետ եւ Տոն Օրիոնէ միաբանութեան անդամներուն հետ, հուսկ ժողովրդապետութեան ներքնասրահին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ ''Օրիոնէ'' հասարակութեան իտալիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած պատասխանատուներուն հետ։ Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս քահանայապետի այս այցելութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Լուիճի Օրիոնէի մահուան 75-րդ ամեակին։

Ժամը 19,15-ին Ֆրանչիսկոս Պապը վերադարձ կը կատարէ վատիկան։

Յայտնենք թէ երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը` 7 մարտ 1965-ին կատարած իր խորհրդածութեան մէջ, ըսած էր ''ծիսական այս նոր կանոններով Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ նոր ձեւով աղօթել, պատարագ մատուցանել։ Սկիզբ կը տրուի,այսօր, ծիսակատարութեան նոր ձեւին։ Ասիկա մեծ դէպք մըն է որ պէտք է յիշել որպէս սկզբունք հոգեւոր նոր կեանքին, որ Աստուծոյ ու մարդու միջեւ մեծ երկխօսութեան նոր յանձնառում մըն է''։








All the contents on this site are copyrighted ©.