2015-03-07 10:16:00

Քաղդէացիներու Պատրիարքը կը դատապարտէ մահմետական ծայրայեղներու քանդումները։


(Ռատիօ Վատիկան)   Նիմրուտի Ասորական կայսրութեան վաղեմի մայրաքաղաքի կործանումը իսլամական պետութեան կողմէ ''պատերազմական ոճիր մըն է''  յայտարարած է Ունեսքոյի տնօրէնը, խնդրելով շրջանի քաղաքական ու կրօնական պատասխանատուներէն իրենց ցասումը յայտնելու այս բարբարոսութեան ի տես։

Մինչ այն Թիքրիթի հիւսիսի բնակիչները, շուրջ 28 հազար քաղաքացիներ, փախած են այդ շրջանէն, ժիհատիստներու ձեռքէն ձերբազատուելու համար։  Այս մասին արտայայտուելով  Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Սաքօ ըսած է թէ ''Ասիկա մեծ ողբերգութիւն մըն է, որովհետեւ Թիքրիթ սիւննի քաղաք մըն է ու եղած  է Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայրը։ Բնակիչները վրէժէն կը վախնան քանի այս քաղաքին մէջ աւելի քան հազար շիիթ զինուոր սպաննուած է։

Գալով  Նիմրուտ ասորական մայրաքաղաքի հիմնայատակ կործանումին Պատրիարքը ըսաւ որ ժիհատականները ոչ մէկ յարգանք ունին հանդէպ մարդկային կեանքին, պատմութեան … որեւէ բանի։ Անոնք կ’ուզեն ջնջել, ոչնչացնել երկրին բոլոր պատմութիւնը, կ’ուզեն իրենց պատմութիւնը գրել։ Անոնք յանուն իսլամութեան կը խօսին, սակայն իսլամական օրէնքը  այս բանը չի հրահանգեր։ Այդ հնութիւնները 1500 տարիէ Մուսուլ եւ Նիմրուտ կը գտնուին։ Մարդկութեան համար մեծ կորուստ մըն է։ Տխուր իրականութիւն մը ու կը զարմանամ թէ ի՞նչպէս համայն աշխարհը ի վիճակի չէ յաղթահարել ու նուաճել ժիհատականներու այս գաղափարախօսութիւնը։

Պատրիարք Սաքօ իր ելոյթը եզրափակեց կոչ ուղղելով անմեղներու ազատագրումին ու միջազգային ժառանգութեան պահպանումին ու փրկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.