2015-03-07 10:09:00

Վատիկանի մէջ աշխատող կիներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Վերջին տարիներուն Վատիկանի մէջ աշխատող կիներու թիւը բարձրացած է, անոնց թիւը 195էն հասած է 371-ի։

Ներկայիս վատիկանի պաշտօնեաներու 19 տոկոսը կիներ են։ Մինչ Ս. Աթոռի մօտ աշխատող կիներու թիւը 391-ի հասած է։ Վերջին չորս տարիներուն աւելի կին առնուած է քան այր մարդիկ։

Ս. Աթոռի մօտ աշխատող կիները աւելի որակեալ աստիճան ունին, միջին հաշիւով 7-րդ աստիճանը կը գրաւեն, անոնցմէ 41 տոկոսը կ՛աշխատին որպէս պատասխանատուներ զանազան նախարարութիւններու մէջ եւ կամ լրագրողներ են։

Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը եղաւ առաջինը որ կին մը  նշանակեց եկեղեցական վարչութեան մէջ։ Մինչ Վատիկան աշխատող կիները ընդհանրապէս չորրորդ աստիճանը կը գրաւեն տասի վրայ։ Ճիշտ մէկ դար առաջ, մէկ Փետրուար 1915-ին,  առաջին աշխատող կինը եղաւ ''Anna Pezzoli'', որպէս կահայարդար։ 1929էն սկսեալ ակադեմիական աստիճան ունեցող կիներ սկսան մատենադարանի մէջ գործել, որպէս ձեռագիրներու պատասխանատուներ։ Կիները սակայն Վատիկանի մէջ սկսան պաշտօնական գործ ունենալ վատիակնեան Բ. Տիեզերական Ժողովէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.