2015-03-07 09:57:00

Հաղորդագրութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ազրպէյճանի Նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` (6 Մարտ 2015-ին), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Ազրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Իլհամ Ալիէւը ու անոր կողակիցը, որոնք ապա հանդիպում ունեցան Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումին ի տես յատուկէն անդրադառնալով երկրին կաթողիկէ համայնքի կեանքին եւ մշակութային ձեռնարկներուն, շեշտը դնելով` ժամանակակցին աշխարհի խաղաղութեան ի սպաս  միջ կրօնական եւ միջ մշակութային երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ։

 

Ակնարկուեցաւ ապա միջազգային եւ շրջանային հարցերու շուրջ ընդգծելով հակամարտութիւններու ծիրէն ներս բանակցութիւններու կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը մշակելու համար խաղաղ համակեցութեան ի սպաս պայմաններ զանազան ազգերու եւ կրօնական խումբերու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.