2015-03-06 13:09:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապտետի հանդիպումը Նէոքաթեքումենալ շարժումին անդամներուն հետ


Քրիստոսի անունով գացէք աշխարհի բոլոր կողմերը եւ քարոզեցէք Անոր Աւետարանը։՚

Այս խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ՝ Ուրբաթ 6 մարտի առաւօտեան ողջունեց Նէոքաթեքումենալ շարժումին անդամները։

Սրբազան Պապը գնահատեց անոնց բերած նպաստը՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց անոնց կատարած առաքելութեան համար, որ մասնաւորապէս կը կատարուի ընտանիքի շրջանակէն ներս։ Ընտանիքները՝ իրենց կեանքի վկայութեամբ՝ մարդիկ կը մօտեցնեն Ս. Աւետարանին, ապրելով սէրը իրարու հանդէպ՝ ըստ Քրիստոսի խօսքին՝ ՙՍիրեցէք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։՚ (Յովհ. ԺԷ, 21)

Այս ընտանիքները՝ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ՝ կը կազմեն ՙՈչ Քրիստոնեայ Ժողովուրդներու Առաքլութիւնը՚ ։

Ձեր տուած կեանքի վկայութիւնը Քրիստոսի Յայտնութեան ուղն ու ծուծը կը կազմէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայաղետը, աւելցնելով՝ ՙաշխարհի մէջ վկայ ենք մարդոց առանձնութեան, տառապանքի, Աստուծմէ հեռացումի՝ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Ասիոյ շատ մը անկիւնները։ Ասոր համար ներկայ ժամանակներու մէջ՝ մարդ արարածը կարիքն ունի ճանչնալու՝ թէ Աստուած զինք կը սիրէ։

Ֆրանչիկոս Պապ դրուատեց՝ որ շարժումին անդամները ոյժն ունին ձգելու ամէն բան իրենց ետին եւ երթալու հեռաւոր երկիրներ՝ երեւան բերելով հոն իրենց մկրտութեան խորհուրդի հսկայ հարստութիւնը։ Այդ առաքեալներուն վարքագիծը կ´ընթանայ Եկեղեցւոյ հիմնական տարածքներուն՝ ՙԱստուածային Խօսքի՚, ՙԾէսի՚ եւ ՙՀասարակութեան՚ վրայ։ Հետեւաբար՝ Աստուծոյ խօսքին հնազանդ ունկնդրութիւնը, Ս. Պատարագի մատուցումը՝ փոքր հասարակութիւններու մէջ եւ ժամերգութեան կատարումը ընտանիքներէն ներս շատ մը շնորհքներու աղբիւր են, որոնք Աստուած անոնց կը պարգեւէ։

Սրբազան Պապը եզրափակեց ըսելով՝ ՙմխիթարական է տեսնել ձեր գործունէութեան պտուղները՝ որովհետեւ անոնք կը հաւաստեն, որ Աստուծոյ Հոգին իր Եկեղեցւոյ մէջ այսօր եւս կը գործէ եւ մարդոց կարիքներուն կ´ընդառաջէ։ Եկեղեցին պէտք չէ միայն հովուականով զբաղի, այլ առաւել եւս քարոզչական աշխատանք տանի։՚

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ քաջալերեց ներկաները, որ յառաջ ընթանան իրենց առաքելական գործունէութեան մէջ՝ վստահելով զանոնք Սուրբ Կոյս Մարիամի, որ ներշնչումն է Նէոքաթեքումենալ շարժումին եւ շնորհեց անոնց իր օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.