2015-03-05 14:19:00

Միջազգային ժողով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապագայի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիպրոսի մէջ 5 եւ 6 Մարտ 2015-ին տեղի կ'ունենայ Միջազգային ժողով մը հայող Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ապագայի մասին, կազմակերպութեամբ Sant’Egidio-ի հասարակութեան ու անոր հիմնադիր Andrea Riccardiի մասնակցութեամբ։

Այս երկրորդ անգամն է որ նման ժողով մը կը գումարուի Կիպրոսի մէջ։ Առաջինը տեղի ունեցաւ անցեալ Յունիսին` Հալէպը փրկելու յոյսով։ Հալէպը որ միշտ եղած է օրրանը երկխօսութեան ու համակեցութեան քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.