2015-03-05 12:15:00

Հրթիռակոծումէն վնասուած է Հալէպի հայկական եկեղեցւոյ շէնքը


Սուրիոյ հայաշատ Հալէպ քաղաքին մէջ նախօրէին հայկական Սրբուհի Ռիթա եկեղեցւոյ հրթիռակոծումէն ոեւէ մէկը չէ տուժած, բայց եկեղեցւոյ շէնքը մեծապէս վնասուած է, այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանէն: Ան նշած է, որ հարուածներ հասցուած են նաեւ մօտակայ թաղամասերուն:
Ըստ լուրերուն, Հայ Կաթողիկէ համայնքին պատկանող եկեղեցին գնդակոծուած է իսլամիստական խմբաւորումներու կողմէ: Վերջին հուժկու պայթումը Դեկտեմբեր 30-ին էր, որուն ժամանակ ռմբակոծուած էին Հալէպի հին թաղամասերը` ինչպէս նաեւ հայկականները: Զարմիկ Պողիկեան նաեւ աւելցուց, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն ռմբակոծել խաղաղ բնակչութիւնը` միտումնաւոր թիրախի մէջ պահելով նաեւ եկեղեցիները:
«Եթէ կը ռմբակոծեն նման վայրեր, միանշանակ է, որ միտումնաւոր կ’ընեն, որովհետեւ այդ վայրերուն մէջ բախումներ տեղի չեն ունենար», -իր խօսքը եզրափակած է Զարմիկ Պողիկեան:
Աւելցնենք, որ Հայ Կաթողիկէ համայնքի սրբատեղին մեծ նշանակութիւն ունէր ոչ միայն հայերու համար․ այլ ջուրի պակասի պարագային շատերը կ’օգտուէին եկեղեցւոյ ջրհորներէն:

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.