2015-03-03 10:45:39

Շարժանկարի նոր ժապաւէն մը Պիոս ԺԲ Քահանայապետի մասին։


Կինոհանին գնահատումով Պիոս ԺԲ փրկեց 800 հազար հրեաներ։

(Ռատիօ Վատիկան) Պիոս ԺԲ Քահանայապետին ծննդեան տարեդարձին առթիւ (2 մարտ 1876) եւ Քահանայապետ ընտրուելուն առթիւ (2 մարտ 1939), Հռոմի մէջ ներկայացուեցաւ Պիոս ԺԲ Քահանայապետի մասին “Shades of Truth” `ճշմարտութեան նրբերանգը'' վերտառութեամբ ժապաւէնը, ղեկավարութեամբ կինոհան Liana Marabini ի։
Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Գանի տօնավաճառին եւ սեպտեմբերին` ֆիլատելֆիայի մէջ կայանալիք, ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին ընթացքին։ Ժապաւէնը կարելի եղաւ իրագործել Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն փրկուած հրեաներու անտիպ վկայութիւններու հիման վրայ։ Նշենք որ Պիոս ԺԲ Քահանայապետի երանացան դատը ուսումնասիրութեան մէջ Վատիկանի մէջ։ Կինոհան Liana Marabini մաղթանքն է, որ մարդիկը երախտապարտ ըլլան այս Քահանայապետին հանդէպ եւ միասնաբար սերտուին Եւրոպայի զանազան երկիրներու ամենէն նշանակալից դէպքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.