2015-03-02 12:28:04

Ամազոնեան անտառային տարածաշրջանի եկեղեցական համացանցի ձեռնարկ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 2 մարտի առաւօտեան ժամը 11.00ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ամազոնեան անտառային տարածաշրջանի եկեղեցական ցանցի ձեռնարկը։
Ամազոնեան տարածքի եկեղեցական ցանցի ''REPAM'' կոչուած ձեռնարկը ծնունդ առած է 2014 ին Պրազիլի մէջ, Ամազոնեան անտառային տարածաշրջանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նիստերու ընթացքին։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցաւ Քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութիւն խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Փիթէր Թուրքսոնը, Պրազիլի եպիսկոպոսաց դասի Ամազոնեան յանձնախումբի նախագահ Կարդինալ Քլաուտիօ Հիւմմէս ինչպէս նաեւ Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար Տիար Միշէլ Ռոյ։
Այս առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ` արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Թուրքսոն յայտնեց թէ` ցանցի ստեղծումը անհրաժեշտ էր, այդ լայնատարած շրջանին մէջ, եկեղեցւոյ հաղորդութեան եւ ներդաշնակութեան ի սպաս ինչպէս նաեւ աւելի սերտ կապ մը ստեղծելու ի նպաստ`Սուրբ Աթոռին հետ, հուսկ՝ միասնաբար աշխատելու եւ գործակցաբար յաղթահարելու եկեղեցւոյ դիմագրաւած ներկայ ժամանակաշրջանի հարցերը յատկապէս` կեանքի պաշտպանութեան եւ մարդու իրաւունքի եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան հայող հարցերը։







All the contents on this site are copyrighted ©.