2015-ի Մարտ ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։
(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս
ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաներով,
2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։
2015-ի
Մարտ ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.
''Տիեզերական''
աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի բոլոր անոնք որ յանձնառու են գիտական հետազօտութեան
մարզէն ներս, իրենք զիրենք դնեն մարդ էակի բարիքի ծառայութեան ի սպաս''։
Իսկ
որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի միշտ աւելիով ճանչցուի կիներու
տուած սատարը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։