2015-02-28 10:21:35

Մուսուլի հրկիզուած գրադարանին մէջ կային Օսմանեան արխիւներ։


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հրկիզեց Մուսուլի գրադարանը, ուր կը պահուէին մեծ թիւով թանկագին ձեռագիր մատեաններ ու Օսմանեան կայսրութեան արխիւներ։ Ինչպէս յայտնի է, «Իսլամական պետութեան» զինեալները անցեալ Յունիսէն ի վեր իրենց հակակշիռին տակ կը պահեն Մուսուլը եւ զանազան գործողութիւններու առընթեր՝ սարսափ կը տարածեն իրենց շուրջ-բոլորը։
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր» կայքին՝ Մուսուլի նշանաւոր գրադարանին մէջ 8 հազար արժէքաւոր գիրքեր ոչնչացուած են հրդեհի հետեւանքով։ Այս գրադարանին մէջ կը պահուէին մատեաններ, որոնք որպէս հազուագիւտ գործեր՝ յիշուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկերուն վրայ։ Հոն կային նաեւ Օսմանեան արխիւներ։
Գրադարանի տնօրէն Ղանիմ Թաան ըսած է, որ «Իսլամական պետութեան» անդամները կարգ մը պայթուցիկներ գործածելով՝ քանդած են գրադարանի շէնքը եւ հրդեհ յառաջացուցած։ Ըստ անոր՝ տեղացիները ջանացած են արգելք հանդիսանալ ահաբեկիչներուն, բայց չեն յաջողած








All the contents on this site are copyrighted ©.