2015-02-28 12:19:24

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ


Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Դիւանի՝ հայոց ցեղասպանութիւնը վկայող փաստաթուղթեր

Հայ ազգի վրայ կատարուած անմարդկային բռնութիւնները եւ կոտորածները վկայող փաստաթուղթերը բազմաթիւ են։ Վաւերագրական ստուար հաւաքածոյին կը միանայ Վատիկանեան դիւաններու փաստաթուղթերու հրատարակութիւն մը՝ բերելով իր նպաստը հայ դատին, եւ նոր լոյսի տակ դնելով որոշ հարցեր։
Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշած էինք Յիսուսեան կրօնաւոր՝ Հայր Ժորժ-Անրի Րոյսսէնի առաջին հատորի բովանդակութիւնը, յատկապէս անդրադառնալով Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետի միջնորդութեան։
Րոյսսէնի Ցեղասպանութեան եւ Եղեռնի նուիրուած աշխատանքին երկրորդ հատորի բովանդակութիւնը՝ La Questione Armena, հիմնուած է Ս. Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողով Դիւանի վաւերաթուղթերու վրայ։
La Questione Armena, II, Documenti dell’Archivio della Congregazione per le Chiese Orientali,1894-1896, 2013, 352 էջ
ՙՀայկական Հարցը։ Արեւելեան Եկեղցիներու Ժողովի Դիւանի Պաշտօնաթուղթերը՚
Գիրքը կը բովանդակէ՝
ՙՊաշտօնաթուղթեր Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին՚ (էջ 17-284)
՚Օսմանական Եզրաբանութիւններու բառացանկ՚ (էջ 285-287)
Հատորը կ՜ամբողջանայ մատենագիտական, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերով։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի դիւանի պաշտօնաթուղթերու ցանկը կը ներկայացնէ 250է աւելի փաստաթուղթեր՝ 25 դեկտեմբեր 1893էն – 1905 տարւոյ թղթածրարներ։ Այս փաստաթուղթերը մեծ մասով նամակներ են, ապա յօդուածներ, տեղեկատուութիւններ, տոմսեր, հեռագիրներ եւ զանազան թղթածրարներ։
Սոյն հատորը առաջինի շարունակութիւնն է, ինչպէս հրատարակիչը նախաբանին մէջ կը յիշէ։ Առաջին մասը կը բովանդակէր Վատիկանի Գաղտնի Դիւանի վաւերաթուղթերը։ Անոնք ունին քաղաքական եւ դիւանագիտական բնոյթ, հայթայթելով վաւերագրական տուեալներ Սրբազան Քահանայապետի միջնորդութեան, Քահանայապետական Նուիրակի եւ Ազարեան պատրիարքի տեղեկատուութիւններու, Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական վիճակի, եւրոպական ուժերու դիրքորոշումի եւ Կրետեյի տագնապի մասին։ Կրետէյի տագնապը դժբախտաբար արեւմուտքի ուշադրութիւնը հեռացուցած էր հայկական հարցէն։
Իսկ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի դիւանի վաւերագրերը կը գծեն հալածանքներու, տեղահանութիւններու, կոտորածներու եւ ընդհանուր իրավիճակի պատկերը՝ ունենալով սակայն տարբեր բնոյթ։ Հոս շատ անգամ մանրամասն տեղեկութիւններ տրուած են զոհերու թիւի, կորուստներու եւ աւերներու տարողութեան մասին։ Ասոնք ականատեսներու վկայութիւններն են, որոնք կանոնաւոր կերպով ուղարկուած են Հռոմ։ Պատմական այս վկայութիւնները կու գան Ազարեան Պատրիարքի, հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու, Միջագետքի Քահանայապետական Նուիրակ Ալթմայերի, լատին առաքեալներու՝ յատկապէս Փրանկիսկեաններու, Քափուչիններու եւ Տոմինիկեաններու կողմէ։
Այս ականատեսներու տեղեկատուութիւնները ուղղուած էին Հաւատոյ Տարածման Սուրբ Ժողովի Նախագահ՝ Կարդինալ Լետոխովսքիի։ Նպատակը միշտ եղած էր փորձել դարման գտնել թուրքերու պատճառած անմարդկային վիճակին։ Այստեղ վաւերագերուն մէջ տրուած են նաեւ տեղեկութիւններ հայ առաքելական հաւատացեալներու մասին, որոնք բողոքականութիւնը ընդունած էին բողոքական որբանոցներուն մէջ։
Նախաբանին մէջ հրատարակիչը կը յիշէ նաեւ՝ թէ օգտագործուած վաւերաթուղթերը ոչ բոլորը անմիջականօրէն կոտորածներու հետ առընչուած են, այլ ոմանք տեղեկութիւն կու տան ընդհանրապէս օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս գտնուող հայ կաթողիկէ թեմերու եւ առաքելութիւններու մասին, որոնք կը գտնուէին ցաւալի վիճակի մէջ։
Հատորիս մէջ յիշուած վերջին թղթածրարը՝ Оеvre d’Orientի ընդհանուր տնօրէնի կողմէ՝ Հաւատոյ Տարածման Սուրբ Ժողովի նախագին առաքուած՝ կը բովանդակէ տեղեկութիւններ 1894-1896ի կոտորածներու մասին՝ հանրութեան ուշադրութիւնը հայկական հարցի վրայ հրաւիրելու նպատակով։







All the contents on this site are copyrighted ©.