2015-02-28 10:39:24

Գ. Կիրակի Քառասնորդաց
Ղուկ. 15, 11-32


Անառակ Որդւոյն առակը Ս. Աւետարանի ամենագողար եւ ամէնէն յուզումնալից առակներէն մէկն է, որ քիչ թէ շատ ամէնուս կեանքին պատկերն է, պատմութիւնն է, որ կը կրկնուի ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ եւ որ կը ցուցաբերէ մէկ կողմէն Աստուծոյ ամենասիրելի Հօր անհուն սէրը եւ ողորմութիւնը, իսկ միւս կողմէն` մարդկային սեւ ապերախտութիւնը` Իր բարութեան հանդէպ, եւ սակայն Աստուած կը մոռնայ իր արարածներուն ապերախտ վարմունքը եւ կ՛ընդունի զիրենք հայրական սիրով իր բազուկներուն մէջ:
Առակը` «Անառակ Որդին» անունով ճանչցուած է, որովհետեւ կրտսեր տղան անառակ կեանք մը ապրեցաւ, այսինքն` փողոցային, ինքզինք տալով զուարճութիւններու եւ կերուխումի: Արդ ան իր ազատ կամքով հեռացաւ տունէն եւ մսխեց այն ամբողջ հարստութիւնը, զոր իրեն կ’իյնար հօր ժառանգութենէն:
Փորձենք հասկնալ թէ Ինչո՞ւ կրտսեր որդին ուզեց հեռանալ իր հօրմէն:
Կրտսերը հեռացաւ, որովհետեւ կը կարծէր որ իսկական երջանկութիւնը կը գտնուի տունէն դուրս, հեռաւոր երկիրներու մէջ: Եւ ասիկա պարագան է նաեւ շատ մը երիտասարդ երիտասարդուհիներուն, որոնք տունը, որպէս բանտ կը սեպեն: Պահ մը առաջ կ՛ուզեն դուրս ելլել տունէն` աշխարհը վայելելու համար: Կրտսեր որդին գնաց հեռաւոր երկիր մը, ուր մսխեց իր ամբողջ հարստութիւնը եւ պատահեցաւ այնպէս որ այդ երկրին մէջ սով տիրեց, եւ ապրելու համար ստիպուեցաւ ագարակի մը մէջ խոզ արածել: Նոյնսիկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, կ՛ըսէ մեզի աւետարանիչը, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն: Յիսուս խորքին մէջ կ’ուզէ մեզի սորվեցնել թէ երբ մարդ արարածը գիտակցօրէն կը հեռանայ Աստուծմէ անասուններու մակարդակին կ’իջնէ: Այլ խօսքով` մարդ երբ ինքզինք կը յանձնէ ապօրինի հաճույքներուն հոսանքին` իր կիրքերուն գոհացում տալով, փութով կը հասնի հոգեւոր սնանկութեան եւ թշուառութեան մէջ կը տապլտկի:
Կրտսեր որդին անդրադառձաւ իր վիճակին, եւ զղջաց. « Հայր մեղանչեցի երկինքի դէմ եւ քու առջեւդ»: Զղջաց անդրադառնալով թէ իսկական երջանկութիւնը հօր մօտն է, եւ թէ Աստուծմէ հեռու ճշմարիտ երջանկութիւն գոյութիւն չունի: Եւ տակաւին հեռու էր տունէն, երբ հայրը տեսաւ զինք եւ գութը շարժեցաւ, գնաց դիմաւորեց զինք: Այս գեղեցիկ նախադասութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ Աստուած վրէժխնդիր Աստուած մը չէ, այլ գթառատ է, մեղաւորները ներող է: Հայրը` տան մէջ նստած չէր եւ ոչ ալ դուռը ինքնիր վրայ գոցած: Հայրը դուրսն էր, աչքը ճամբան, կը սպասէր իր որդիին վերադարձին: Վազեց դիմաւորեց զինք որովհետեւ կորսուած էր, անառակ էր եւ գտնուեցաւ, մեռած էր եւ վերապրեցաւ: Հետեւաբար, հօր վազելը իր որդին դիմաւորելուն ցոյց կու տայ Աստուծոյ անհուն սէրը մեղաւորներուն հանդէպ:
«Վզին Փաթթուեցաւ եւ համբուրեց»: Կրտսեր տղան խոզանոցէն եկած է, եւ բոլորս գիտենք որքան խոզերը կը հոտին: Հակառակ ասոր, հայրը չգարշեցաւ հօտէն, ընդհակառակը իր վզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց: Մեր երկնաւոր հայրը մեզմէ չի գանիր որքան ալ հօտին մեր մեղքերը: Աստուած ոչ մէկուն կ’անտեսէ, բոլորիս կը սիրէ:
Այն ատեն հայրը հրամայեց սպասաւորներուն որպէսզի լաւագոյն հագուստը հագցնեն եւ մատանին անցնեն մատին, ինչպէս նաեւ պարարտ եզը մորթեն: Հագուստը կամ պամուճանը խորհրդանիշ է արդարութեան եւ սրբութեան, իսկ մատանին` թագաւորութեան: Այլ իմաստով, անառակ զաւակը դարձաւ թագաւորին զաւակը, Աստուծոյ զաւակը` վերստանալով որդիութեան բոլոր իրաւունքները:
Երեց եղբայրը դաշտն էր, երբ լսեց խնճոյքի ձայները, հարցուց ծառաներուն թէ ի՞նչ կայ: Երբ իմացաւ պատճառը չուզեց մտնել եւ ուրախանալ եղբօրը հետ: Իր հոգը չէր ողջ առողջ դարձած էր թէ ոչ. իր հոգը հորթն է, զոր հայրը մորթեց իր եղբօր, որ ամէն բան մսխած էր աղտոտ կիներուն վրայ: Այն ատեն հայրը աղաչեց իր զաւկին որպէսզի մտնէ տուն եւ ուրախանայ եղբօրը հետ որ մեռած էր մեղքերուն տակ, եւ ողջացաւ, դարձի եկաւ, կորսուած էր` գտնուեցաւ: Եւ առակը այս ձեւով կը վերջանայ, չ’ըսէր մեզի թէ արդեօք երեց եղբայրը համոզուեցա՞ւ, տուն մտա՞ւ, թէ ո՞չ:
Կ’եզրակացնենք ըսելով. «Աստուծոյ ողորմութեան եւ շնորհքին դուռը բաց է եւ պիտի շարունակէ բաց մնալ բոլոր մարդոց համար: Չկարծենք երբէք որ ուրիշը փրկութեան անարժան է: Աստուծոյ տան մէջ ամէնքս ալ Աստուծոյ զաւակներն ենք, եւ երկնքի Արքայութեան ժառանգորդներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ. Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.