2015-02-27 09:50:26

Սուրիա- Իսլամ պետութիւնը կը սպանէ առեւանգուած 15 քրիստոնեաներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Իսլամ պետութիւնը շաբաթասկիզբը Հասաքէի մարզէն առեւանգած քրիստոնեաներու առաջին 15ը արդէն իսկ սպաննուած է կը հաղորդագրէ քորեպիսկոպոս Էմանուէլ Եուխանա։ Ան անցեալ երկուշաբթի օրը ''Տառապող Եկեղեցի'' բարեսիրական մարմնին տեղեկացուցած էր անցուդարձերու մասին։
Տառապող Եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը իր կարգին կը տեղեկացնէ որ սպաննուողները աշխատած են պաշտպանել իրենց գիւղերը ու իրենց ընտանիքները։ ''Թել Հորմիդս'' գիւղին մէջ ծայրայեղ մահմետականները կին մը գլխատած են, իսկ երկու այր մարդիկ հրացանով սպաննուած են։ Քորեպիսկոպոսը հաղորդած է ապա թէ պատանդներու թիւը հասաւ 350-ի։ Քրիստոնեայ 35 գիւղերու մէջ ոչ մէկ քրիստոնեայ մնացած է։ 800 հոգիներ կարողացած են ապաստան գտնել Հասաքէ քաղաքը եւ այլ 175 հոգիներ փախած են Քամիշլիէ։
Քորեպիսկոպոսը կը հաստատէ որ գաղթականները կարիքը ունին կերակուրի, ջուրի, էական պիտոյքի, զգեստի ու առողջապահական խնամքի։ Բարեբախտաբար Տառապող Եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը յանձն առած է երաշխաւորել անոնց արժանավայել կեանք մը։ Արդէն Սուրիոյ զանազան վայրերուն տրամադրած է 2,3 միլիոն եւրօ, որ բարեսիրական մարմինը կարողացած է ժողովել շնորհիւ բարերարներու նուիրատուութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.