2015-02-27 09:36:49

Ասորի Արքեպիսկոպոս մը կ՛ամբաստանէ Թուրքիան.


Գամիշլիի շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քիւրտերուն միջեւ բախումները կը շարունակուին։
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը կը հաղորդէ, որ Գամիշլիի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Թել Համիս գիւղին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ բախումները 6-րդ օրն ըլլալով կը շարունակուին:
Քրտական ուժերը ազատագրած են յաւելեալ 23 գիւղեր, որոնց շարքին` Օքազը, Օքազ Ղարպիյան, Խանսահը, Խանսահի վառելանիւթի կայարանը եւ Պըլքիսի ճամբան: Բախումներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի 40 զինեալներ սպաննուած են եւ անոնց պատկանող զէնքեր ու մեքենաներ գրաւուած են:
Թել Թամըրէն 124 ընտանիքներ հասած են Հասաքէ, 65 ընտանիքներ` Գամիշլի քաղաք, իսկ 15 ընտանիքներ` Ռասուլ Այն:
ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները հրկիզած են Թել Թամըրէն 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թել Ժազիրա գիւղի բոլոր տուները, ինչպէս նաեւ եկեղեցին:
Կարգ մը աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգեալներուն եւ անյայտ կորսուածներուն թիւը բարձրանալով հասած է աւելի քան 200-ի, որոնցմէ 82-ը` Թել Ժազիրա գիւղէն, 5-ը` Թել Ֆիտայէն, 3-ը` Քապըր Շամիյայէն, 21-ը` Թել Քուրանէն, 11-ը` Թել Հըրմոզէն: Թել Շամիրամէն եւ Աղիպշէն 51 ընտանիքներու ճակատագիրը անյայտ կը մնայ:
«Տը Հաֆինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ առնուազն 220 քրիստոնեայ առեւանգած է: Առեւանգումները տեղի ունեցած են, երբ ՏԱՀԵՇ յարձակում գործած է Հասաքէ քաղաքին մօտ գտնուող քրիստոնէական 10 գիւղի վրայ:
Հասաքէ-Նիսիպինի ասորի կաթողիկէ արքեպիսկոպոս Ժաք Պեհնան Հինտօ Վատիկանի ձայնասփիւռին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիան ամբաստանեց Սուրիայէն փախուստ տուող քրիստոնեաներուն Թուրքիա ապաստանելուն արգելք հանդիսանալու եւ ժիհատականներուն Թուրքիոյ սահմանէն ազատ երթեւեկը արտօնելու համար:
«Ամէն օր ընտանիքներ Դամասկոսի ճամբով օդանաւով կը գաղթեն մեր շուրջ եղած պաշարման համար», ըսաւ արքեպիսկոպոսը եւ աւելցուց. «Հիւսիսը, Թուրքիա փոխադրակառքերու անցքը կ՛արտօնէ: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, Սուրիայէն գողցուած քարիւղը, ցորենը եւ բամպակը, ասոնք բոլորն ալ կրնան սահմանը անցնիլ, սակայն (քրիստոնեայ համայնքէն) ոչ ոք կրնայ անցնիլ»:
Արքեպիսկոպոսը յայտնեց, որ ինք յոյս ունի, որ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումը շուտով վերջ կը գտնէ, «որովհետեւ քիւրտերը իրենց ուժերը կը հաւաքեն` անոնց դէմ կռիւի երթալու համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.