2015-02-26 10:47:10

Սուրիոյ մէջ աւելի քան 950 ասորի ընտանիքներ բռնի կերպով հեռացած են իրենց օճախներէն։


(Ռատիօ Վատիկան) Զանազան լրատուական աղբիւրներու համաձայն, վերջերս Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործադրուած անմարդկային արարքներու թիրախ դարձած են Ասորիները, որուն հետեւանքով երկուշաբթի օրուընէ ի վեր շուրջ 800 ասորի ընտանիքներ հեռացած են Հասաքէէն, իսկ շուրջ 150 ասորի ընտանիքներ ալ` Գամիշլիէն:
Ըստ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հասած տեղեկութիւններուն, ասորիներու պատրիարքութիւնը Հասաքէի մէջ 90 ասորիները առեւանգած զինեալներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ առեւանգեալներուն ազատ արձակման համար եւ բոլոր կրօնաւորներէն պահանջած է բանակցութիւններուն ընթացքին վնաս չպատճառելու համար ներկայիս այդ առնչութեամբ յայտարարութիւններ չկատարել: Օրաթերթը կը նշէ, որ ոչինչ կը յուշէ առեւանգեալներու մօտալուտ ազատ արձակման մասին:Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը դատապարտեց Հասաքէի մէջ ասորական գիւղերու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումը եւ պահանջեց անմիջապէս եւ առանց այլեւայլի ազատ արձակել առեւանգեալները:







All the contents on this site are copyrighted ©.