2015-02-26 10:16:18

Աղօթքի հսկում ի պաշտպանութիւն կեանքին ու խաղաղութեան Խրուաթիոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Խրուաթ եպիսկոպոսներու աշխարհականներու խորհուրդի նախաձեռնութեամբ Զակապրիա մայրաքաղաքին մէջ, մինչեւ 28 Փետրուար 2015, տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում, որուն դիտաւորութիւնն է. ‘’պաշտպանել կեանքն ու խաղաղութիւնը, Խրուաթիայի ու համայն աշխարին մէջ’’։ Վերոյիշեալ խորհուրդը կ’ընդգծէ հարկաւորութիւնը բացատրելու ու պաշտպանելու ընկերութեան հիմնական արժէքները ինչպիսի են` կեանքը, ամուսնութիւնը (այր եւ կնոջ միջեւ), ընտանիքը, աշխատանքը, հասարակաց բարիքը, ճշմարտութիւնը։ Խորհուրդը նոյնպէս կ’ընդգծէ հարկաւորութիւնը պաշտպանելու եւ օգնութեան հասնելու ֆիզիքական թէ հոգեկան անկարներուն յաչս անոնց թիւին աճումին երկրէն ներս։

Խրուաթիոյ եպիսկոպոսական մնայուն խորհուրդը ու կրօնաւորական միաբանութիւններու աբբահայրերու հանդիպումին աւարտին շեշտուեցաւ նաեւ հարկաւորութիւնը պայքար մղելու մարմնավաճառութեան ու ստրկութեան դէմ` պատուհաս մը, որուն զոհերը աւելի քան 15 հազար անհատներ են։ Եպիսկոպոսները կը խորհին ցանց մը կազմակերպել օգնութեան հասնելու զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.